50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Յատկանշական Երեւոյթներ

Տարուան վախճանին հազիւ երեք շաբաթ մնացած` քաղաքական աշխարհը արտակարգ եռուզեռի մը մէջ է: Գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր հարցերու շուրջ, գլուխ-գլխի խօսակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, բանակցութիւններ եւ տեսակէտի փոխանակումներ տեղի կ՛ունենան, մինչ աշխարհի խաղաղութեան համար բազմաթիւ խոցելի կէտերու վրայ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին, թէեւ սահմանափակ բնոյթով, բայց` անպայմանօրէն վտանգաւոր անդրադարձներով:

Երկու հիմնական հարցեր կը յուզեն միջազգային քաղաքական աշխարհը: Երկուքն ալ, թէեւ` առանձին ճակատներու յատուկ, բայց իրենց հետեւանքներով սերտօրէն կապուած են ընդհանրական խնդիրներու:

Առաջինը արեւմտեան զինակցութեան ապագան է: Կասկածէ վեր է, որ Ատլանտեանի զինակցութենէն ներս տագնապ մը ծայր տուած է այն օրէն ասդին, երբ Ֆրանսայի նախագահը` զօրավար տը Կոլ կը մերժէ մասնակցիլ հիւլէական բազմակողմանի ուժին, որ կ՛առաջարկուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ու ընդունուած է Գերմանիայէն: Առանց մտելու այս ծրագրի մանրամասնութիւններուն մէջ` կրնանք յայտնել միայն, թէ Ուաշինկթընի ակնոցով, բազմակողմանի հիւլէական ուժ կոչուածը պիտի ծառայէ երկու հիմնական նպատակներու:

Ա) Առաւելագոյն չափով պիտի զօրացնէ արեւմտեան զինակցութիւնը` Գերմանիան եւս կոչելով հիւլէական պատասխանատուութիւններու, Ատլանտեանի զինակցութեան սահմանին մէջ:

Բ) Պիտի արգիլէ հիւլէական զէնքերու տարածումը` ազգային պատասխանատուութիւններու հակակշռին տակ:

Ֆրանսա ամերիկեան առաջարկին մէջ կը տեսնէ Եւրոպան յաւիտենապէս ամերիկեան խնամակալութեան տակ պահելու միջոց մը եւ ոգի ի բռին կ՛ընդդիմանայ այդ ծրագրին իրականացման:

Զինակցութեան անդամ միւս երկիրները, զանազան տրամադրութիւններով եւ նախանձախնդիր` զինակցութեան պահպանման, կը մերժեն յստակ դիրքեր բռնել եւ սրտանց կը փափաքին միջին լուծում մը, որ գոհացում տայ բոլորին:

Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կատարուած Ճոնսըն-Ուիլսըն խօսակցութիւնները ընթացան տիրապետութեանը ներքեւ այս մտահոգութեան եւ անգլիացիք պաշտպան կանգնեցան ֆրանսական տեսակէտներուն եւ համոզեցին Ուաշինկթընը, որպէսզի չաճապարէ բազմակողմանի ուժի հարցին մէջ:

Երկրորդ խնդիրը յատուկ է համայնավարական ճակատին: Հոկտեմբեր 14-ի ցնցող դէպքէն ետք, երբ Խրուշչեւ գահավէժ անկում մը ունեցաւ, ոմանք այն կարծիքը յայտնեցին, թէ Խրուշչեւի անկումին գլխաւոր պատճառը այն անհաշտ պայքարն էր, որ ծագած էր անոր եւ Մաօ Ցէ Թունկի միջեւ: Անկէ ի վեր դէպքերն ու երեւոյթները եկան ցոյց տալու, թէ Խրուշչեւի անկման մէջ չինեւխորհրդային պայքարը միջոց գործածուեցաւ եւ ոչ թէ հիմնական պատճառ:

Անգամ մը որ Խրուշչեւ հեռացուեցաւ քաղաքական բեմէն, Մոսկուայի ու Փեքինի հիմնական տարակարծութիւնները վերստին երեւան եկան, ու թէեւ ամիս մը ամբողջ լռութիւն պահուեցաւ, բայց Շու Էն Լայի Մոսկուայէն ձեռնունայն վերադարձը եկաւ դարձեալ հաստատելու, թէ չինեւխորհրդային վէճը միայն գաղափարական հիմունք չունի, այլ նաեւ ազգային է: Ազգային` այն իմաստով, որ Խորհրդային Միութիւնը Չինաստանի զօրացման եւ հիւլէական ուժի տիրացման մէջ կը տեսնէ վտանգ մը, որ որքան մեծնայ, այնքան աւելի Մոսկուայի համար ստիպողական պիտի դարձնէ Արեւմուտքի հետ լեզու գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վերջին հնգամեակի ամէնէն յատկանշական երեւոյթը կը հանդիսանայ համայնավարական ճակատի միահեծանութեան անհետացումը: Միջազգային համայնավարութիւնը մինչեւ վերջին տարիները մէկ ուխտատեղի ունէր` Մոսկուան: Ներկայիս այդ կեդրոնները երկուքի վերածուած են Մոսկուա եւ Փեքին: Խորհրդային Միութիւնը պիտի կրնա՞յ իր փարախին մէջ պահել ազատ աշխարհի համայնավար կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան Եւրոպայի արբանեակները: Խրուշչեւի օրով ատիկա տակաւին կարելի էր` շնորհիւ անոր անձնական կեցուածքին: Պրեժնեւ եւ Քոսիկին այդ հեղինակութիւնը չունին: Չունին նաեւ անհրաժեշտ վճռակամութիւնը` դիրքեր որոշելու: Անորոշութեան շրջանը, որ սկսած է Խորհրդային Միութեան համար, առաւելագոյն չափով պիտի օգտագործուի Չինաստանի կողմէ` միջազգային համայնավարական շարժումը իր հակակշիռին տակ առնելու համար:

Մինչ այդ, Արեւմուտքի մէջ հետզհետէ տեղ պիտի գտնէ այն կարծիքը, թէ Մոսկուա անդիմադրելիօրէն պիտի իյնայ ազատ աշխարհի ձգողութեան դաշտին մէջ: Ու շատոնց հրաժարելէ ետք համայնավարութեան էութենէն, պիտի հրաժարի նաեւ ձեւէն:

 

Թուրքերու Խոստովանութիւնները

«Կսկծալի Եւ Ամօթալի Վիճակի Մը Մատնուած Ենք»
Կ՛ըսէ «Տիւնիա» Թերթին Խմբագրապետը

«Անատոլուի Մէջ, Երբ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններ Կային,
Մեր Հողերը, Որոնք Այսօր Թափուր Բացաստաններ Դարձած Են,
Ճոխ Այգեստաններ Էին…»

Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթի խմբագրապետ թուրք ծանօթ լրագրող Ֆալիհ Ռըֆքի Աթայ ստորագրած է հետեւեալ նշանակալից խմբագրականը.

«Հիթլեր Աւստրիան կցեց նացիական Գերմանիոյ, եւ զայն երկար ատեն ճնշումի տակ պահելէ ետք, պատերազմի մղեց: Այդ գեղեցիկ երկիրը, որ Բ. Աշխարհամարտին մեծագոյն տառապանքները կրեց, ոտքի կոխան եղաւ, մէկ դռնէն արեւմտեան, միւս դռնէն Կարմիր բանակի զինուորները մտան: Իր ամէն ինչը իբրեւ հատուցում տուաւ, այդ համեստ արեւմտեան պետութիւնը, որ մեր հազիւ մէկ քանի նահանգին տարածութիւնը ունի, մեծ մասն ալ` անտառուտ:

Գալով Դանիոյ, այդ փոքրիկ երկիրը, որ մեր հին օսմանեան մէկ սանճագին տարածութիւնը ունի, ան ալ նացիներու արշաւանքին ենթարկուեցաւ եւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին «արիւն փոխեց»:

Վերջին անգամ թերթերու մէջ լուր մը կարդացինք, սակայն: Մեր այս հսկայ Թուրքիան, որուն հպարտութենէն, նետել-բռնելէն չէք կրնար կենալ, օգնութեան դրամ ստացեր է այդ երկու փոքրիկ երկիրներէն` Աւստրիայէն եւ Դանիայէն: Անոնք, որ այս լուրը կարդացին, արդեօք չնստա՞ն իրենց խղճի քննութեան: Եւ ի՜նչ թուանշաններ: Յիշենք օգնութեան գումարներէն հա՞տ մը. 18 միլիոն թրքական ոսկի: Ողորմութեան պէս բան մը: Մենք, որ 13 միլիառի պիւտճէ մը ունինք, չենք անդրադառնար ուռուցիկ հաշիւներուն, պաշտօնական ճամբորդութեանց առթիւ տրուած տվիզներուն, աւելորդ պաշտօնէութեան վճարուած գումարներուն, անոնց շուայտութիւններուն, եւ ելեր ենք 18 միլիոնի օգնութեան մը համար էյվալահ կարդալու:

Թուրքիա կսկծալի եւ ամօթալի վիճակի մը մատնուած է այսօր: Պատճառն այն է, որ այլասերեցինք ժողովրդավարութիւնը եւ զայն շփոթեցինք ամբոխավարութեան, քուէի որսորդութեան հետ: Բնականաբար արդիւնքն ալ կը համապատասխանէ այս վիճակին, պետութեան տուրքերը կը կողոպտուին, ազատականութիւն կը նշանակէ` գողութեամբ դրամ շահիլ, օտար դրամագլուխն ալ կ՛ըլլայ սմսարներու խաղալիք: Եւ խառն տնտեսութեան երեք թեւերը կը խանգարուին, չեն կրնար բանիլ:

Աւստրիոյ կամ Դանիոյ նման երկիրներու համար սա մեր Պոլսոյ լերկ ու անմշակ լեռներն անգամ բերրի եւ արդիւնաբեր հողեր կրնան ըլլալ: Անատոլուի մէջ, երբ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կային, մեր հողերը, զորս հիմա կ՛արհամարհենք իբրեւ թափուր բացաստաններ, արեւմտեան Անատոլուէն աւելի ճոխ այգեստաններ էին, անոնցմէ աւելի գինեւէտ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )