Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եղանակի համեմատ մարզաձեւ մը կատարելու ձեր փափաքը պէտք է շարունակէք, որպէսզի զուարճանաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձմեռնամուտ է: Եթէ ելեկտրականութեան վառարան պիտի օգտագործէք, մտածեցէք նոյն ատեն խնայողութեան մասին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միշտ կրնաք դիմել ձեր մերձաւորներուն, եթէ կարիքը զգաք օգնութեան: Մի՛ յուսալքուիք :

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ բանակցութեան պարագային թոյլ մի՛ կենաք: Պահանջեցէք պէտք եղածը: Դուք արժանի էք յաւելեալ նկատառութեան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` ձեր անձնական կեանքին մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք է նախատեսէք ձմեռնային հիւանդութիւնները եւ ըստ այնմ պատրաստուիք զգուշութեամբ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տօնական օրեր են: Պիտի պատասխանէք ձեզի տրուած հրաւէրին, խնճոյքի զուարթ մթնոլորտ մը վայելելու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւններուն ընթացքին ճարպիկ եղէք, որպէսզի յաջողիք: Օրը ունի քանի մը հանդիպումներ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մտահոգութիւնները պիտի փարատին հետզհետէ, որոնք պիտի նկատուին անցեալի  մոռցուած յիշատակներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նամակ մը պիտի ստանաք, որ պիտի բարեփոխէ ձեր առօրեայ միահոգութիւնները: Մոռցէք ստեղծուած աննպաստ պայմանները:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր փափաքները պիտի փոխանցէք ձեր շուրջիններուն, որոնք պիտի ուրախանան: Այսպիսի առիթներ ստեղծելը յաճախ նախընտրելի է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անասունները կեանքի մասին ձեզի լաւ դաս մը պիտի տան. անոնցմէ սորվելիք ունիք` զիրենք դիտելով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )