Թրիաթլոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դարձաւ Թրիաթլոնի Ախոյեան

1209_HMEM-TriathlonԿիրակի, 7 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2014-ի թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը:

Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ  Մանարայի զինուորական մարզական կեդրոնին մէջ:

Այս մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկ Մոհամետ Պաղտատին, եւ այսպիսով ՀՄԸՄ իր մօտ պահեց անցեալ տարուան ախոյեանի տիտղոսը: Պաղտատի առաջին դիրքը գրաւեց արձանագրելով 1 ժամ,18 վայրկեան եւ 39 երկվայրկեան արդիւնք մը, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց 2013-ի թրիաթլոնի ախոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Գէորգ Ալթունեան (1 ժամ, 23 վայրկեան, 45 երկվայրկեան): Եռեակը ամբողջացուց ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկ Հաննա Պու Ֆարհաթ (1 ժամ, 38 վայրկեան, 41 երկվայրկեան):

Միւս կողմէ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ օրուան իր երկրորդ բաժակը շահեցաւ, երբ Քարիմ Ռամատան գերազանցելով Էլիաս Խուրին եւ Ապտ Համետը, դարձաւ 23 տարեկանէն վար մարզիկներու թրիաթլոնի ախոյեան:

Նշենք, որ թրիաթլոնի խաղերը բաժնուած էին 3 տարբեր մասերու.

1) 750 մեթր լողարշաւ
2) 20 քմ հեծելարշաւ
3) 5 քմ վազք

Մրցումներու աւարտին մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ` վարչական տնօրէն Ալի Հալաուէի, գնդապետ Հիւսէյն Խաշֆայի (ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար` Իպրահիմ Պասպուսի ներկայացուցիչ) եւ ֆետերասիոնի անդամներու:

Վերջապէս, մրցաշարքը փակելու համար խօսք առաւ Ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Մահմուտ Տիպ: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բանակի հրամանատարին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նահանգապետին ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն, որոնք ապահովեցին շրջանի եւ մարզիկներուն ապահովութիւնը եւ դիւրացուցին շատ մը թեքնիք ու գումակային հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )