Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 2 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապիպեթ Մազրաա խումբէն` Սաֆայի դաշտին վրայ:

Խաղին ընթացքին կարգ մը պատճառներով ՀՄԸՄ-ի համակիրներու վարուելակերպը վատ ու ոչ բնական դարձաւ, եւ այդ պատճառով խումբը այս տարեշրջանին երրորդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ տուգանքի:

Այս անգամ տուգանքին գումարը ամէնէն բարձրը եղաւ. 2 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանք մը դրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի խումբին վրայ, սակայն ՀՄԸՄ-ի յաջորդ խաղին, որ տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին` Օմմալ Թրիփոլիի դէմ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի արտօնուի համակիրներու մուտքը դաշտ:

Կը խնդրուի համակիրներէն աւելի զուսպ ըլլալ խաղին ընթացքին եւ միայն ուղղուիլ դաշտ քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ը: Վստահ ենք, որ մեր տղաքը մեր քաջալերանքով կը ցուցաբերեն փայլուն արդիւնքներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )