50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1964)

Նշան Փալանճեան
Ճեմարանի Յաջողութիւնը

Գերմանական Մշակ. Կեդրոնի
Նկարչական Ցուցահանդէսին

Պէյրութի Գերմանական մշակութային կեդրոնը աշակերտական նկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր, որ տեւեց դեկտեմբեր 11-էն 18: Մասնակցած էին 7 օտար եւ 3 հայ միջնակարգ վարժարաններ: Իւրաքանչիւր վարժարան կը ցուցադրէր քսան նկարներ` գծուած 7-15 տարեկաններու կողմէ:

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը իր նկարչութեան ուսուցչին` ծանօթ նկարիչ Ժ. Կիւվերճինեանի ղեկավարութեամբ, սոյն ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է փոքրիկներու բաժինով միայն, մինչեւ չորրորդ դասարան:

Դատական կազմը, բաղկացած` երկու գերմանացի եւ երեք լիբանանցիներէ, տրամադրուած 30 մրցանակներուն տասը հատը յատկացուցած է Ճեմարանի աշակերտներու գործերուն: Այս ձեւով Ճեմարան առաջնութիւնը շահած է մասնակցող դպրոցներու շարքին մէջ` արժանանալով դատական կազմին մասնաւոր շնորհաւորութեան:

Մրցանակի արժանացած նկարները պիտի ուղարկուին Միւնիխ (Գերմանիա)` աշակերտական համաշխարհային ցուցահանդէսին մէջ դրուելու համար:

 

Լուսին Ճամբորդութեան Ամերիկահայ Մասնագէտ
Աւետիս Այնթապլեան Պէյրութի Մէջ

Անցած կիրակի Սան Ֆրանսիսքոյէն Պէյրութ ժամանեց ընկ. Աւետիս Այնթապլեան` այցելելու համար իր ծնողքին:

Ընկ. Աւետիս Այնթապլեան 1952-ին Պէյրութէն  մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր  մասնագիտացաւ օդանաւային ճարտարագիտութեան եւ աւելի յետոյ, անջրպետային գիտութեան մարզին մէջ: Ներկայիս ան կը նկատուի դէպի լուսին ճամբորդութեան ամերիկեան Ժեմինի ծրագրի մասնագէտներէն մէկը` գլխաւորաբար անջրպետի մէջ հրթիռներու ու արբանեակներու թրթռացումներու ճիւղին:,

Վեց տարիէ ի վեր պատասխանատու վարիչներէն մէկը ամերիկեան «Լոքհիտ» մեծ ընկերութեան անջրպետային ծրագիրներու ճիւղին` յաճախ դասախօսութիւններ տուած է միջազգային գիտական լայն շրջանակներու համար եւ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է ամերիկեան մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ:

«Ասթրոնոթիքս էնտ Էրոնոթիք» ամսաթերթին մէջ (նոյեմբեր 1964), որ կը հրատարակուի Աստղանաւորդութեան ամերիկեան կաճառին կողմէ եւ յատկացուած է Ժեմինի ծրագրին, ընկ. Այնթապլեան ստորագրած է յօդուած մը` «Տը աճինա թարկեթ վիհիքըլ», ուր մասնագիտական լրիւ տեղեկութիւններ կու տայ «անջրպետային ժամադրութեան» շուրջ:

Ընկերը ընդհանուր տնօրէնն է (սիսթըմ մենէյճըր) արբանեակներու զանազան մասերու մասնագիտական ճիւղերու համադրութեան:

«Լոքհիտ» ընկերութեան կարգադրութեամբ, ընկ. Այնթապլեան պիտի հանդիպի Եւրոպա եւ իր մասնագիտութեան մասին դասախօսութիւններ պիտի տայ ֆրանսական, իտլական եւ գերմանական համալսարաններու մէջ:

 

Իմաստուն Խօքեր

Գեղեցկութիւնը առաջին նուէրն է, զոր բնութիւնը կը պարգեւէ կիներուն եւ առաջինը, որ ետ կ՛առնէ անոնցմէ:

ԶԻՄԵՐՄԱՆ

Երիտասարդները կրնան ինքզինքնին իմաստուն նկատել ինչպէս, որ գինովները ինքզինքնին բաւական արթուն կը նկատեն:

ՉԵՍԹԸՐՖԻԼՏ

Անկեղծութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է:

ՉԸՐՉԻԼ

Իմաստութիւնը մտքին համար ա՛յն է, ինչ որ առողջութիւնը մարմնին համար:

ԼԱ ՌՈՇՖՈՒՔՕ

Վարժարան մը բացողը` բանտ մը գոցած կ՛ըլլայ:

ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

Աշխարհի վրայ լաւագոյն բժիշկներն են` պահեցողութիւն բժիշկը, հանդարտութիւն բժիշկը եւ անհոգութեան բժիշկը:

ՍՈՒԻՖԹ

Տղաքը մինչեւ 12-էն 17 տարեկան ըլլան` ծնողքը 20 տարի կը ծերանան:

ՌՈՊԸՐԹ ՊԱՆՔԼԷՅ

Մեր սրտերը երբեմն կը գինովնան գեղեցկութեամբ մը, զոր մեր աչքերը երբեք պիտի չտեսնեն:

ՌԱՍԷԼ

Պատմութիւնը լաւ գրելու համար պէտք է ազատ երկրի մը մէջ ապրիս:

ՎՈԼԹԷՐ

Կամք ունեցողը կը ստեղծէ եւ շա՛տ բան կը ստեղծէ: Ասիկա փաստ է, թէ անկարելի բան չկայ:

ՇԷՅՔՍՓԻՐ

Կ՛ուզէ՞ք, որ քաղաքացիները սիրեն իրենց հայրենիքը: Հանգստաւէտ ըրէք անոնց կեանքը:

ՄԱԶԱՐԻՔ

ժամանակը բարեկամութեան բարեկամի եւ սիրոյ թշնամին է:

ԼԱ ՊՐԻՒՅԼԷՐ

Աւելի շատ սէր կայ բարեկամութեան մէջ, քան թէ բարեկամութիւն` սիրոյ մէջ:

ՓՈԼ ԺԵՐԱԼՏԻ

Իրաւունք չունինք երջանկութիւն պահանջելու, եթէ մենք չստեղծենք զայն, ինչպէս որ իրաւունք չունինք ծախսելու այն դրամը, զոր ճիգով չենք շահած:

ՊԵՐՆԱՐ ՇՕ

Քառասունութ տարեկան ըլլալէ առաջ յոռետես եղող մարդը` շա՜տ բան գիտէ: Քառասունութը անցնելէ ետք լաւատես եղող մարդը պէտք չէ հպարտ ըլլայ իր գիտցածներով:

ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ

Աշխարհի մէջ ոչ ոք աւելի ցնորամիտ ու վտանգաւոր է, որքան իշխանութեան գլուխ բարձրացած միջակ մարդը:

ՀԻԶՐԱԼԵԼ

Պատմութեան գլխաւոր դերակատարները` հաւատքի հերոսներ եղած են միշտ:

ՄԱՔՈԼԷՅ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )