50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1964)
Կոչ Համայն Հայութեան
Սողոմոն Թեհլիրեանի
Յուշարձանին Կառուցման Առթիւ
Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ ի սփիւռս աշխարհի,
Ֆրեզնոյի հայոց «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, աճիւնները առժամաբար Ֆրանսա փոխադրուած ազգային հերոս զօր. Անդրանիկի նախկին դամբանի կողքին, պարզ ու խոնարհ շիրմաքարի մը տակ կը հանգչի մարմինը ազգային անզուգական այլ հերոսի մը` յանձին Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 1921 մարտ 15-ին, յանուն արդարութեան ապրիլեան հայաջինջ Եղեռնին բո՛ւն հեղինակը տապալեց գետին, Պերլինի հրապարակին վրայ:
Գերման ոճրադատ ատեանը եւ մարդկութեան խիղճը անպարտ արձակեցին զինք` գործուած աքթը նկատելով արդարանալի, որովհետեւ ամբողջ անմեղ ժողովուրդ մը Գողգոթա առաջնորդող հրէշ մը չէր կրնար խուսափիլ արդարութեան դատաստանէն: Ճակատագիրը, հուսկ ուրեմն, նետեց զինք Ամերիկայի ազատ ափերուն վրայ, ուր թեթեւցած խիղճով 1960 մայիս 23-ին յաւիտենականութեան փակեց իր աչքերը` հայրենիքի տաք կարօտը սրտին:
Չորս տարիներէ ի վեր անոր առժամեայ հանգստարանը Ֆրեզնոյի հայոց գերեզմանատան մէջ դարձած է արդէն ուխտատեղի, ուր ամէն տարի Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու հեռաւոր շրջաններէն ուխտաւոր բազմութիւններ կու գան խոնարհիլ անոր շիրիմին առջեւ` յարգանքի եւ երախտագիտութեան իրենց տուրքը տալու աննահանջ մարտիկին, որուն բովանդակ կեանքը եղաւ համակ նուիրում իր ժողովուրդին եւ ապա դարձաւ խորհրդանիշ` անոր ազգային արդար վրէժխնդրութեան:
Իր մահուան չորրորդ տարելիցին եւ Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի սեմին, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն որոշած է հերոսին անունին արժանի յուշարձան մը կանգնել շիրիմին վրայ` յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ վերածելու այդ հանգստարանը ազգային հպարտանքի եւ ներշնչումի իրական պանթէոնի մը` ներկայ եւ ապագայ բոլոր հայ սերունդներուն համար:
Իրագործելու համար առաջադրուած նպատակը ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի յանձնարարութեամբ, կը ձեռնարկէ յուշարձանի կառուցման եւ այդ առթիւ կատարուելիք համազգային եւ համաժողովրդական նուիրատուութեանց հաւաքման գործին:
Արդ, կոչ կ՛ընենք համայն հայութեան սփիւռքի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդի բոլոր տարրերուն եւ հատուածներուն անխտի՛ր, իրենց սրտէն բխած նուէրներով մասնակցելու համազգային այս հանգանակութեան` ցոյց տալու համար Թալէաթներու ժառանգորդներուն, որ հայ ժողովուրդը Ապրիլեան եղեռնէն յիսուն տարի ետք ո՛չ միայն սթափած է իր ստացած ճակատագրական հարուածէն, այլեւ աւելի՛ քան կենսունակ կանգնած է ոտքի եւ դափնի կը հիւսէ իր հերոսներուն համար:
Վստահ ենք, որ երախտագէտ եւ ազգային արժանապատուութեան նախանձախնդիր ամէն հայ սիրով պիտի ընդառաջէ այս կոչին, որովհետեւ անմահներու փաղանգին միացած Սողոմոնը կը պատկանի բովանդակ հայութեան: Ճշմարիտ հերոս մը, որ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր սրբազան վրէժխնդրութեամբ հպարտութեամբ ուռեցուց կուրծքը յետեղեռնի հայութեան:
ՀՅԴ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ
*
* *
Ներկայ կոչը ղրկուած է սփիւռքի հայ մամուլին անխտիր: Նուիրատուութիւններ պիտի կատարուին ուրեմն ամէն երկրի մէջ: Ամէն հայ իր նուէրը կրնայ ղրկել հասցէին այն թերթին, որուն մէջ կը կարդայ այս կոչը: Նուիրատուներու անուններն ու նուիրուած գումարները իր ատենին պիտի յայտարարուին կոչը հրատարակող թերթերուն մէջ, եւ այդ պիտի ծառայէ իբրեւ ստացական:
Այս սրտաբուխ նուիրատուութեանց վերջին պայմանաժամը պիտի ըլլայ 30 ապրիլ 1965: Սոյն կոչը հրատարակող բոլոր թերթերէն կը խնդրուի իրենց մօտ հաւաքուած ամբողջական գումարը փոխանցել վարի հասցէին.
Սողոմոն Թեհլիրեան Մեմորիալ Ֆոնտ
Փոստարկղ 19684, Ռիմփօ Սթա.
Լոս Անճելըս 19, Քալիֆորնիա
Տոմսեր
Նոր Սերունդ
Նոր ըլլալ` կը նշանակէ մոռնալ հինը, ուրանալ անցեալը, մանաւանդ` հակադրուիլ այդ անցեալին:
Նոր սերնդականները, ինտելիկենցիան, այսինքն` կէս արուեստագտ կէս մտաւորական կէս բանաստեղծ տղաքը, որոնք ման կու գան կէս մօրուքով, մետաքս խոշոր փողկապ-վզնոցով, որոնք իրենց բառերուն կը սիրեն խառնել Սարթրի բառերը, Քամիւի անունը, այս տղաքը արհամարհանք ունին ամէն կարգի աւանդութիւններու հանդէպ:
Կը քարոզեն ազատասէր.
Կը խօսին արդի արուեստէ վերացական նկարչութենէ.
Կ՛արտասանեն Ափոլիներ.
Անպայմանօրէն օտարազգի կին կ՛ուզեն առնել, որովհետեւ անոնք սիրել գիտեն (կ՛ըսեն)… եւ կ՛աւելցնեն, թէ անշուշտ մեր արեւելքցիի ընթացիկ բարոյական սակերը արժէք չունին այս պարագային:
Նորսերնդականները` մանչ, աղջիկ, կը սիրեն օտար լեզու մը խօսիլ, մա շեր, ինչպէ՞ս կարելի է հայերէնով արտայայտել զգացումներ, կարելի չէ…
Նոր սերնդականները յաճախ ալ կը փոխեն իրենց անունները` աւելի եւրոպականանալու համար. այսպէս` Սոնան կ՛ըլլայ Սոնիա, մեր Վերգինէն` Վերա, Սիրվարդը` Սիլվի, Թովմասը` Թոմի, Յակոբը` Ժաք, Սերոբը` Սերօ, Անդրանիկը` Թոնի, Զապէլը Զազա…
Նորսերնդականնե՞րը… եթէ ձեր տան մէջ չունիք, կ՛ունենաք քանի մը տարիէն, այնքան կը շատնան արագ, բայց կը մարին արագ, կը բաւէ, որ հաստատուին, աշխատին, կարգուին:
Նորսերնդականները կարծիք կը յայտնեն ամէն հարցի մասին, կը հետապնդեն գոյութիւն չունեցող հարցեր. անկասկած` դատարկապորտներ են, որոնք տակաւին կ՛ուտեն իրենց հօր վաստակած դրամը…
Նորսերնդականները ընկերային ցեցեր են. կը քանդեն, չեն շիներ, կը քանդեն իրենք զիրենք. հոգիներ են, որոնք կը տառապին ուշագրաւ դառնալու մարմաջէն…
ՄԱԿԱՐ