Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տօնական գնումներու պարագային, չափազանցութենէ հեռու կեցէք, ուրեմն հաւասարակշռուած ձեւով պէտք է ծախսէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաճելի ժամեր կ՛ապրիք, ճիշդ օրն է հմայելու ձեր շուրջինները` ձեր զուարթ վերաբերումով: Օրը ունի այլազան նորութիւններ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանգստանալու մասին մտածեցէք, որովհետեւ այս օրերուս տարբեր գործեր կատարած էք. պէտք ունիք հանգիստի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պէտք ունիք ձեր բարեկամներուն: Փոխադարձեցէք անոնց այցելութիւնը: Յարգեցէք ընկերութեան պահանջները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տարեվերջը կը ստիպէ ձեզի, որ հաշուեկշիռ մը ընէք, նախ օգտուեցէք տօնական օրերէն, ապա գործի անցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օգնեցէք աղքատներուն եւ անօգնականներուն` ձեր կարողութեան ներած չափով: Մի՛ մոռնաք զրկեալները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր պատասխանատուութիւններ ձեզ պիտի վերածեն տարբեր անձի մը` ուրիշներու հետ բաղդատած: «Բարիք ըրէ, ծովը նետէ» կ՛ըսէ առածը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Որոշ հարց մը լուծելու ձեր ջանքերը յաջողութիւն պիտի չգտնեն, հետեւաբար փոխեցէք ձեր տեսակէտը եւ այլ հարցերու մասին մտածեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծննդեան գիշերը բարեձեւ եւ ներկայանալի ըլլալու համար դասաւորեցէք ձեր ջանքերը, որպէսզի ուրախանաք եւ ուրախացնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքը կարեւոր տուեալ մը պիտի ըլլայ այս օրերուն, որպէսզի պահէք ձեր բարեձեւութիւնը եւ առողջութիւնը: Մի՛ ծուլանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գէշ տրամադրութիւնը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր ընտանիքին վրայ: Պաշտպանեցէք ձեր մերձաւորները` բարեացակամ տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բնութիւնը ձեզ պիտի շնորհէ անմոռանալի պատեհութիւն մը: Օրը բացառիկ է ընտանիքի եւ բարեկամներու հետ: