Աստիճանական Յեղաշրջումն Ու Թուրքիոյ Մէջ Հաւանական Քաղաքացիական Պատերազմը

1230turkey-protestsԻհսան Եըլմազ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մէջ նախկին հակաժողովրդավարական դէմքերուն չի նմանիր: Ան աստիճանաբար կը մաշեցնէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը կազմալուծէ պետական կառոյցները` ստեղծելու համար մենատիրական միանձնեայ վարչակարգ մը:

Թրքական լրատուամիջոցները գրեթէ ամբողջովին Էրտողանի վերահսկողութեան տակ են: Սակաւաթիւ օրաթերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններէ բացի, անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ Էրտողանի փտածութեան մասին գրել կամ հաղորդում կատարել: Ծանր տուրքերով պատժելու սպառնալիքներու պատճառով «Հիւրրիյէթ»-ի եւ «Միլլիյէթ»-ի նման ազդեցիկ օրաթերթեր կը փորձեն քննադատել կառավարութիւնը, սակայն ընդհանրապէս չեն անդրադառնար լուրջ հարցերու, որոնք կրնան վնասել Էրտողանի վարչակարգին:

Պատկերասփիւռի մեծագոյն կայանները, ինչպէս` «Քանալ Տ», «Շօ Թի.Վի.», գրեթէ ամբողջովին Էրտողանի վերահսկողութեան տակ են: Պետական «Թէ. Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանները, որոնք յարգուած են մանաւանդ հասարակութեան գիւղական եւ անուս հատուածներուն կողմէ, միայն Էրտողանի վարչակարգը կը գովաբանեն: Արդէն իսկ տկար եղող ընդդիմութիւնը առիթը չունի երկրին համար նոր եւ այլընտրանքային ծրագիրներու մասին իր պատգամը փոխանցելու, եւ կառավարութեան մասին անոր քննադատութիւնը ժողովուրդին լսելի չէ:

Ըստ վերջերս կատարուած հարցախոյզի մը, քուէարկողներու շուրջ 12 առ հարիւրը երբեք ալ չէ լսած Էրտողանի 1150 սենեակներ ունեցող նոր պալատին մասին, ուր մնաց այդ հարցով քննադատութիւնները: Մէկ խօսքով, Էրտողանի վարչակարգը ապօրինաբար քանդած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը: Այո՛, վերջինս գոյութիւն ունի, սակայն չնչին կերպով աւելի ազդեցիկ է, քան` Ռուսիոյ, Ուզպեքիստանի եւ Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնները: Այլեւս ճիշդ չէ Էրտողանի փառամոլութիւնները նմանցնել փութինականութեան. յստակ դարձաւ, որ անոր մտքին մէջինը չինական բնորդն է: Ահա թէ ինչո՛ւ ոեւէ մէկը, որ զինք կը քննադատէ, անմիջապէս դաւաճան մը, ինչպէս նաեւ թէ՛ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ թէ՛ Մոսատի հաշուոյն աշխատող լրտես մը կը նկատուի: Այս հարցը պէտք է շատ լուրջի առնուի նախքան ուշ ըլլալը:

Էրտողանի մաֆիոզական մարտավարութիւնները երաշխաւորած են, որ իր բոլոր երեսփոխանները ունենան որոշ տկարութիւն մը, որ զիրենք շանթաժի դիմաց խոցելի կը դարձնէ: Օրինակ` երեսփոխաններէն կամ անոնց ազգականներէն շատեր անցնող տասնամեակին ապօրինաբար շատ հարուստ դարձած են, եւ կամ առանց պատշաճ վկայագիրներ ունենալու` պետական պաշտօններ ստանձնած են: Էրտողան այդ երեսփոխաններուն մասին թղթածրարներ կը պահէ եւ աշխատանք կը տանի, որ անոնք անպայման այդ իրողութենէն տեղեակ ըլլան:

Էրտողան նաեւ արդարադատութեան անկախութիւնը կը մաշեցնէ: Կարեւոր դատարաններու դատաւորներն ու դատախազները կա՛մ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիր դէմքեր կ՛ըլլան, կա՛մ ալ փտածութեամբ յղփացած մարդիկ:

Հիթլերի հանդէպ Արեւմուտքին աչք խփելու կեցուածքին նման, արեւմուտքցի դէտեր, Թուրքիոյ դաշնակիցներն ու Թուրքիոյ վերնախաւը Էրտողանի ժողովրդավարական երկիր մը աստիճանաբար բռնատիրութեան երկիրի մը վերածելուն նկատմամբ կրաւորական կեցուածք որդեգրած են: Երկիրը քանի մը տարիէն կրնայ ետդարձի անկարելիութեան կէտին հասնիլ: Սակայն որովհետեւ Էրտողան պիտի չկարողանայ հասարակութեան տարբեր հատուածները իր ապօրինի եւ փտած կամքին ենթարկել, երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմներ կրնան ծագիլ, ինչպէս` քիւրտերը Էրտողանի դէմ, ալեւիները Էրտողանի դէմ, արմատական իսլամականները ընդդէմ Էրտողանի, ծայրայեղ ազգայնականները ընդդէմ Էրտողանի եւ այլն: Յստակ է, որ այսպիսի անկայուն տարածաշրջանի մը մէջ անկայուն Թուրքիոյ մը գոյութիւնը ճամբայ պիտի հարթէ շրջանային աղէտներու, եւ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ կանխարգիլել կամ կասեցնել զանոնք:

Արդէն ժամանակն է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ողջախոհ անդամներն ու քուէարկողները, նշեալ կուսակցութեան միջազգային զօրակցողներն ու Թուրքիոյ վերնախաւը ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան կարելի եղածին չափ շուտ վերահաստատման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )