Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Այս Անգամ Թուրքիոյ Լրատուական Մեքենան Հալածանքի Առարկայ
Երբ արիւնարբու Ճեմալ փաշային թոռը` հանրածանօթ լրագրող Հասան Ճեմալը Երեւանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, հայերէնի թարգմանուած իր գիրքը կը ներկայացնէր եւ այդ գծով ներում հայցելու, փոխհատուցում կատարելու, նաեւ պատմութեան դասագրքերը վերաշարադրելու մասին կ՛արտայայտուէր, անդին` Պոլսոյ մէջ այլ բաներ կը պատահէին քարոզչական-լրագրական բնագաւառէն ներս, որ վստահաբար նոյնքան կրնայ մտահոգել նոյնինքն Հասան Ճեմալը:
Այս անգամ Էրտողանի վարչամեքենան հարուածեց իր ոխերիմ թշնամիին` Ֆեթուլլա Կիւլենի քարոզչական կառոյցը: Կառոյց մը, յանձինս իր մամուլին` «Զաման»-ին եւ հեռատեսիլի կայանին` «Սամանիոլու»-ին (աւելի ծանօթ` STV անունով) մեծ ժողովրդավարութիւն կը վայելէ, շարունակ վեր առնելով Էրտողանի հովանաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կատարած զեղծարարութիւններն ու այդ գծով յատկապէս Պոլսոյ մէջ տիրող փտածութիւնը:
Տարիներէ ի վեր Փենսիլվանիա ապաստանած այս այլախոհ պահպանողական գաղափարներու տէր կրօնականը կը շարունակէ զայրացնել Էրտողանը, որ Կիւլենի հոսանքին պատկանող լրագրողները ձերբակալելով` կը հաստատէ, թէ անոնք կարմիր գիծէն անդին սկսած էին անցնիլ: Աւելի՛ն. Էրտողանի կամակատար վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն յանդգնած էր ներկայացնելու այնպիսի կացութիւն մը, երբ այս «դաւադիր» լրագրողները պետութեան մէջ ստեղծած էին այլ պետութիւն մը:
«Զաման»-ի խմբագիր Էքրեմ Տումանլի, որ հետապնդուողներու շարքին է, ահազանգ կը հնչեցնէ եւ հարցադրումի տակ կ՛առնէ ընդհանրապէս երկրին մէջ չտիրող ժողովրդավարութիւնը: Անոր համար հարցը Կիւլեն ընդդէմ Էրտողան չէ, այլ` շատ աւելի համընդհանուր, ուր շարունակ ճնշումի տակ է Թուրքիոյ մետիան: Առ այդ, անոր համար սեւ օր մը արձանագրուեցաւ Թուրքիոյ մամլոյ պատմութեան մէջ` կատարուած այդ ոտնձգութիւններով:
Դեռ քանի մը ամիս առաջ Էրտողան փորձած էր համացանցային այլ կառոյցներ եւ անզսպելի ընկերային ցանցեր չէզոքացնել` պատճառաբանելով, թէ անոնք իրենց սուտ տեղեկութիւններով կ՛անհանգստացնէին զինք:
Հակառակ այս կատարուած կաշկանդումներուն` աւելի գործի լծուած է յատկապէս Կիւլենի քարոզչական մեքենան եւ ընդհանրապէս` ընդդիմադիր ճակատը, որ անշուշտ երբեք չի բաժներ Փենսիլվանիոյ այլախոհին պահպանողական եւ հնամաշ գաղափարները:
Արեւմուտքը անդրադառնալով կատարուածին` արդէն իսկ յոյս յայտնած է, որ արդար քննութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ թէ` այս գործողութիւնները երբեք պէտք չէ որ խախտեն ժողովրդավարութէան հիմքերը:
Աւելի՛ն. Էրտողանի Աքիլլէսի կրունկի` ընկերային ցանցերէն ներս, սկսած են շրջիլ զինք նսեմացնող իրականութիւններ, որոնց կարգին յատկապէս իր գերսահմանափակ անգլերէնի վրայ տիրապետելն ու տեղի եւ անտեղի առիթներով բառեր գործածելը, եւ կամ` այն մէկ արտայայտութիւնը, ուր ան կոչ կ՛ուղղէր, որ գինիի փոխարէն թուրքը պէտք է որ գործածէ աւելի սննդարար խաղողը:
Հակառակ այս բոլորին` Էրտողանի համար պարտք եւ պարտականութիւն է պաշտպանել այն, ինչ որ տրուած է ժողովուրդին կամքով:
Թէ ո՞րն է ժողովուրդին կամքը: Հաւանաբար այս մէկը շատ ամբողջական ձեւով կրնայ բացատրել եւ բացայայտել Հասան Ճեմալը: