«Ագշամ» Թերթի Սիւնակագիրին Կողմէ. Ծանր Վերագրումներ Յակոբ Մարթայեանին

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1230AGOP«Ագշամ» թերթի սիւնակագիր Էմին Փազարճը իր սիւնակին մէջ շատ ծանր ու անիրաւ յարձակում մը ունէր մօտիկ անցեալի անմոռանալի լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանի անուան վրայ` զայն ցոյց տալով իբրեւ խառնակիչ մը, որ կը պահէր իր հայկական ծագումը ու կը գործածէր միայն Ա. Տիլաչար անունը, որ հին թրքերէնին տեղ նոր ու յերիւրածոյ թրքերէն մը ստեղծած էր ու թուրք ժողովուրդին պարտադրած էր այդ նոր անճոռնի լեզուն:

Էմին Փազարճըի յօդուածը անշուշտ իբրեւ մեկնակէտ ունի կառավարութեան նոր որոշումը, ըստ որուն, դպրոցներու մէջ կրկին պիտի դասաւանդուի օսմաներէնը: Օսմաներէն ըսուածը բոլորս ալ գիտենք, որ իրականութեան մէջ հին թրքերէնն է: Էմին Փազարճը դէմ կու գայ բոլոր անոնց, որոնք հիմա կը հակառակին օսմաներէնի դասաւանդութեան: Ան կը պաշտպանէ հին լեզուն` պնդելով, որ տասնամեակներ առաջ անօրինակ բռնակալութեամբ ու բռնի ուժով թուրք ժողովուրդին «կլլեցուցին» նոր լեզու մը, որուն պատճառով հայրերը իրենց զաւակներուն հետ չէին կրնար խօսիլ այլեւս: Թրքերէն լեզուէն պարսկերէն ու արաբերէն բառերը մաքրագործելու պատրուակին տակ կենդանի թրքերէնը վերցուեցաւ ու հրապարակ դրուեցաւ արհեստական թրքերէն մը:

Էմին Փազարճը այսքան խիստ տողերով դատապարտելէ ետք նոր թրքերէնը, այսպէս կը շարունակէ.

*
*   *

«Եւ գիտէք, թէ ո՛վ ըրաւ այս բոլորը

Յակոբ Մարթայեան:

Թուրքիոյ քաղաքացի հայ մըն էր ան, աւելի վերջ անունը փոխուեցաւ որպէս «Տիլաչար»: Դարձաւ Թուրքիոյ լեզուական կաճառի գլխաւոր մասնագէտ եւ առաջին ընդհանուր քարտուղար: Երբեք չգործածեց Յակոբ անունը: Անունը միշտ գրուեցաւ Ա. Տիլաչար: Շատ հետաքրքրական է: Մինչեւ 1979 թուական թրքերէնը լեզուն պարզացնելու աշխատանքին միշտ ան է, որ առաջնորդութիւն ըրաւ, մեր լեզուն իրական սպանդի մը ենթարկուեցաւ: Նոր բառեր, որոնք թրքերէնի ծնունդ տուող Ուրալ-Ալթայ լեզուական խմբակին հետ բնաւ կապ չունէին, որպէս զուտ թրքերէն` պարտադրուեցան այս ժողովուրդին:

Յակոբ Մարթայեան մինչեւ 1979` իր մահուան թուականը, շարունակեց Թուրքիոյ լեզուական կաճառին մէջ իր ունեցած պարտականութիւնը: Տարիներով խաղաց թրքերէնին հետ: Այս երկրին մէջ թրքերէնի սպանդը ո՛չ թէ աւելի առաջ, այլ 1970-ական թուականներուն է, որ ապրուեցաւ: Հետաքրքրական է, որ Ա. Տիլաչարին ո՛վ ըլլալը միշտ պահուեցաւ այս ժողովուրդէն: ԹՌԹ-էն ալ 1979-ին անոր մահուան լուրը հաղորդեց` ըսելով, որ` «Ատիլ Աչար մեռաւ»: Պէտք է որ ժողովուրդը սորվի ասիկա»:

*
*   *

Անկարելի է չզարմանալ այս մեկնաբանութիւնը կարդալով: Իսկ սովորական ընթերցողը կրնայ զարմանալ` մտածելով, որ այս Յակոբ Մարթայեանը ի՜նչ ուժեղ ու հնարամիտ մարդ է եղեր, որ ինքնիրեն կրցեր է ջնջել ամբողջ լեզու  մը ու անոր տեղ թուրք ժողովուրդին պարտադրեր է նոր լեզու մը:

Էմին Փազարճը չի՞ գիտեր, որ Մարթայեան Աթաթիւրքին կողմէ արտասահմանէն կանչուած էր, որպէսզի օգնէ թրքերէնը յեղաշրջելու աշխատանքին, չի՞ գիտեր, որ Տիլաչար մականունը անոր տրուած էր Աթաթիւրքին կողմէ, չի՞ գիտեր, որ Մարթայեան իր հայ ըլլալը գաղտնի պահելու համար չէ՛ր, որ Ա. Տիլաչար կը ստորագրէր, ատիկա կը պատահէր, որովհետեւ «Յակոբ» հայկական անուան դէմ անհանգստութիւն եւ խտրականութիւն կար մայրաքաղաքին մէջ, թէ` Մարթայեան մեծ ծառայութիւններ մատուցեց` տարիներ շարունակ խմբագրելով նաեւ Թրքական հանրագիտարանը, իրականութեան մէջ Մարթայեան մինչեւ իր մահը չէ, որ մնաց Թուրքիոյ լեզուական կաճառին մէջ, աւելի առաջ հեռացաւ այդ պաշտօնէն եւ այլն, եւ այլն:

Թրքերէնը արդիականացնելու աշխատանքը, ինչպէս` լատինական տառերու ընդգրկումը, Աթաթիւրքին գլխաւորութեամբ ստեղծուած յեղաշրջական շարժում էր: Մարդ կրնայ կողմնակից ըլլալ Աթաթիւրքին կողմէ ստեղծուած այդ շարժումին, կամ կրնայ կողմնակից չըլլալ, բայց անիրաւութիւն է Յակոբ Մարթայեանը ցոյց տալ որպէս այդ շարժումին վնասագործ առաջնորդն ու պատասխանատուն: Մենք շատ լաւ գիտենք եւ, ով գիտէ, տակաւին որքան շատ մարդ գիտէր, որ ան Անգարայի մէջ տարիներ շարունակ որքա՜ն բարեացակամութեամբ գործադրեց այն պարտականութիւնը, որ դրուած էր իր վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )