50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1964)

ՀՅ Դաշնակցութեան
Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 6 փետրուար 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը:

Հազարաւոր հանդիսականներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահը:

Ղեկավար ընկերներու ժամանումին, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը կը հնչեցնէր պատուոյ նուագը:

Սրահը գեղեցկօրէն դրօզարդուած էր լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշակներով: Պատշաճօրէն զարդարուած էր նաեւ բեմը: Երկու կողմերուն վրայ, եռագոյն դրօշակներու կողքին, զետեղուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծադիր զինանշանները: Մէջտեղը, եռագոյնով ծածկուած պատուոյ սեղանին վրայ, եռագոյն եւ լիբանանեան փոքր դրօշակներու միջեւ, գրաւած էր ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիր-առաքեալ Քրիստափորի նկարը:

Ժամը ճիշդ 10:30-ին ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի կողմէ Հրաչ Տասնապետեան, Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձի օրուան տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարելէ ետք, յոտնկայս ունկնդրուեցան նուագախումբի հնչեցուցած լիբանանեան եւ ՀՅ դաշնակցութեան քայլերգները:

Անցնելով յայտագրի գործադրութեան` Տասնապետեան բեմ հրաւիրեց Սիմոն Վրացեանը` նախագահելու օրուան տօնակատարութեան:

Ընդհանուր ծափերու մէջ, բեմ բարձրանալով, Ս. Վրացեան իր բացման խօսքին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր պայքարը` հասնելու համար իր ընդհանուր եւ հիմնական նպատակին` ազատ ու անկախ, ամբողջական Հայաստանի ստեղծումին:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Բեգլար  Նաւասարդեան, որուն հոյակապ ու տպաւորիչ ճառը լարուած ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ` արժանանալով բազմաթիւ անգամներ բուռն ծափերու:

Բ. Նաւասարդեան սքանչելի վերլուծումով մը ջանաց որքան կարելի է, առանց կողմնակալութեան, գնահատել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործն ու դերը հայ նորագոյն պատմութեան մէջ:

«Դաշնակցութեան գոյատեւումէն ետք,- ըսաւ Բ. Նաւասարդեան,- անոր ազգային ներկայութիւնը ծաւալեցաւ անօրինակ ու զարմանք պատճառող թափով մը:

«Հաստատուեցաւ հայ հող ու Հայաստան: Ծաւալեցաւ օսմանեան եւ ցարական կայսրութիւններու մէջ: Եւ վերջապէս, ծաւալեցաւ համաշխարհագրօրէն:

«Առաջին աշխարհամարտէն ետք, ստեղծուեցաւ հայ սփիւռք եւ խորհրդահայ Հայաստան: ՀՅ դաշնակցութիւնը, իր ազգային քաղաքական ներկայութեամբ, հանդիսացաւ ճարտարապետը սփիւռքահայ իրականութեան: Վերակերտեց ու դարբնեց սփիւռքահայ կեդրոններ: Իսկ հայրենի հողի վրայ հաստատուած խորհրդային կարգը հնարաւորութեան բոլոր միջոցներով ջանաց տիրանալ, ջնջել սրբել, անհետացնել ՀՅ դաշնակցութիւնը:

«Ոչ թէ քնաբեր հեքիաթ է, այլ` առարկայական անհերքելի իրականութիւն, որովհետեւ, խորհրդահայ կոչուած այդ տարածքին մէջ, դարձեալ հայ մարդոց հոգիները կախարդողը միեւնոյն հզօրն է` ՀՅ դաշնակցութիւնը:

Այնուհետեւ Բեգլար Նաւասարդեան գեղեցիկ մէջբերումներով Դաշնակցութիւնը ներկայացուց իբրեւ գործի կուսակցութիւն: Եւ աւելցուց.

«Այսօր, այս կուսակցութիւնը խօսքի կարօտ չէ, որ կը տառապի, այլ` կենդանի գործի»:

«Հայ յեղափոխականի եւ հայ յեղափոխութեան տիպարը ստեղծուեցաւ շնորհիւ ՀՅ դաշնակցութեան: Դաշնակցականին մէջ կայ արժէք մը, որ վեր է բոլոր արժէքներէն, բարձր է բոլորէն: Մարդը: Որովհետեւ բոլոր կոչումներուն մէջ սրբազնագոյնը մարդն է: Եւ Դաշնակցութեան բարոյական հրամայականը մարդ դառնալու ձգտումին մէջ է»:

Եւ խօսքը վերջացուց` ըսելով.

«Հայ ազատագրութեան պայքարը տակաւին չհասաւ իր լրումին: Չէ եղած բացարձակատիրութիւն, որ դէպի քայքայում չէ գացած:

«Հայ ժողովուրդը, իր ճակատագիրը պիտի վստահի, ՀՅ դաշնակցութեան: Նուիրուինք հոգիով ու սրտով պահպանելու Դաշնակցութիւնը, որ իր ուժին գաղտնիքն է»:

Խաչիկ Արարատեան ապրումով ու տպաւորիչ գրաւչութեամբ արտասանեց Տիգրան Ոսկունիի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական, մարտական եւ մտաւորական գործիչները ներկայացնող գեղեցիկ գրութիւնը` սկսելով երրորդութենէն, որոնք պաստառի վրայ առանձինն դիմանկարներով առաւել տպաւորիչ դարձուցին պահը:

Երկրորդ բանախօսն էր տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որուն սքանչելի ճառը նոյնպէս բազմաթիւ անգամներ ընդմիջուեցաւ` արժանանալով երկարատեւ ծափերու:

«Եկած էք լսելու Դաշնակցութեան խօսքը,- ըսաւ Բ. Փափազեան:- Խաչելութիւն մը եղաւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն կեանքը, բոլոր ֆետայիներուն եւ Դաշնակցութեան կեանքը, ընդդէմ բռնութեան եւ անարդարութեան:

«Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի տառապանքէն: Առաջին օրէն իսկ անցաւ նուիրումի` ամոքելու համար այդ տառապանքը:

«Խեղճացած էինք: Եկաւ Դաշնակցութիւնը եւ բարձրացուց ճակատը հայ ժողովուրդին: Խիզախում մը եղաւ ՀՅ դաշնակցութեան պատմութիւնը: Փոխանցեց խիզախութեան թափը մեզի, եւ որ պիտի շարունակուի նաեւ ասկէ ետք, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը տիրանայ իր ամբողջական հայրենիքի ազատութեան:

«Լռութիւն է հայութեամբ բնակուած հայապատկան հողերու վրայ: Հոս է, որ ազատ աշխարհի մէջ կը տօնենք մեր օրը ազատութեամբ, ուր մեզմէ կախում ունի մեր կեանքը:

«Հայ ժողովուրդն է, որ կրնայ կեանք տալ Հայաստանին: Հայը պէտք է գիտակցի իր առաքելութեան եւ ձգտի իրականացնել այդ:

«Դաշնակցութիւնը կը ձգտի միացնել հայութիւնը հոգեկան արժանիքներու շուրջ: Հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն եւ մեզի բաժնել ձգտող ուժերուն` հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր ուժերը պէտք է գտնեն ճամբան, որ հայ ժողովուրդը ի մի պիտի բերէ:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շարունակական պայքար մըն է հայ ժողովուրդին լինելութեան փնտռտուքին համար, դէպի հայ ժողովուրդին ամբողջականացումը, որ պիտի տանի մեզի դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»:

Նախագահ Ս. Վրացեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ ի մէջ այլոց. «Դաշնակցութիւնը իր մէջ ամփոփած է հայ ժողովուրդի կենսունակ ուժը, որ խօսքով չի բացատրուիր, եւ որ կ՛արտայայտուի գործով:

«Դաշնակցութիւնը կարելի չէ սպաննել, քանի չեն իրականացած անոր գաղափարները, ազատ, անկախ, միացեալ հայրենիք, ազատութեան սահմաններուն մէջ»:

Ներկաները, յոտնկայս խմբերգելէ ետք «Յառաջ, նահատակ»-ը, լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան սրահէն` անգամ մը եւս ամրացնելով իրենց հաւատքը, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գաղափարաբանութեան միակ ջատագով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հանդէպ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )