Ոչ Նիւթական Մշակութային Մարդկութեան Ժառանգութիւնն Ալ Պէտք Է Փրկել

1206_lavashՍովորութիւնը բան մըն է, որ կը փոխանցուի խօսքերով կամ ձեւերով. արուեստ մը կամ ճանաչում մը, որ ընդհանրապէս դպրոցը չես սորվիր, այլ մարդուն կ՛անցնի սերունդէ սերունդ:

Սակայն ներկայիս, 21-րդ դարու սկիզբը մշակոյթը ժամանակի ընթացքին աւելի «միջազգային» կը դառնայ, եւ մարդիկ նուազ ժամանակ կ՛անցընեն իրենց ամբողջ կեանքը նոյն վայրին մէջ: Իբրեւ հետեւանք` բազմաթիւ տեղական սովորութիւններ կը կորսուին: Այս պատճառով է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը փորձէ պահպանել տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս` արուեստի, արհեստի, երկրագործութեան, բժշկութեան, եւ այլն մարզերու, այս ժողովրդական վարպետութիւնները: Այս հայրենական ժառանգութիւնը շատ աներեւոյթ է, որովհետեւ անիկա մեզի համար այնքան բացայայտ է, որ մենք զայն կը մոռնանք: Մենք կ՛անդրադառնանք, որ անիկա կարեւոր է, երբ ան արդէն կորսուած է:

***

Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատասխանատուները հաւաքուեցան 24-29 նոյեմբերի միջեւ` ուսումնասիրելու եւ աշխարհի չորս կողմերէն տարբեր սովորութիւններու նոր անուններ աւելցնելու մարդկութեան հայրենական ժառանգութեան ցանկին վրայ: Այս ցանկին մէջ մենք կը հանդիպինք իրարմէ շատ տարբեր սովորութիւններու, ինչպէս, այս տարի ցանկին մէջ անցած, կուօքա (Կուատալուփէէն երաժշտութիւն մը), քափուէրան (պրազիլական պարի եւ մարզանքի խառնուրդ մարզաձեւ մը), Ալճերիայէն եւ Մարոքէն արկանի իւղի պատրաստութիւնը, Պելճիքայէն զանգակներու եղանակները, կամ` լիբանանեան զաժալը եւ հայկական լաւաշը: Լաւաշ հացի պատրաստութեան սովորութիւնը միակ հայկական սովորութիւնը չէ հայրենական ժառանգութեան ցանկին վրայ: Նախապէս արդէն ցանկին մէջ անցած են հայկական տուտուկը եւ իր եղանակները, խաչքարի շինութիւնը եւ խորհրդանիշը, եւ, վերջապէս, Սասունցի Դաւիթի առասպելը:

Լաւաշը` Անոր Պատրաստութիւնը
Իմաստը Եւ Աւանդական Հացի Երեւոյթը
Իբրեւ Մշակութային Արտայայտութիւն

1206_lavash-2Աւանդական լաւաշ հացը անբաժանելի մէկ մասը կը կազմէ հայկական խոհանոցին: Անիկա կը պատրաստուի կիներու պզտիկ խումբի մը կողմէ եւ կը կարօտի շատ աշխատանքի, համակարգումի, փորձառութեան եւ յատուկ վարպետութեան: Խմորը բաղկացած է պարզապէս ցորենի ալիւրէ եւ ջուրէ: Անիկա նախ կը շաղուի եւ ապա գունդերու կը բաժնուի: Այդ խմորի գունդերը կը տափակցուին, եւ այդ շատ բարակ խմորի թերթը կը դրուի յատուկ հաւկթաձեւ բարձի մը վրայ: Այս բարձին միջոցով խմորը կը փակցուի աւանդական թոնիրին պատին: Մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան կամ մէկ վայրկեան ետք եփուած հացը կը բաժնուի փուռին պատէն:

Լաւաշ հացը ունի իր յատուկ տեղը նաեւ կեանքի սովորութիւններուն մէջ: Այս ձեւով, օրինակի համար, հարսնիքներուն ընթացքին անիկա կը դրուի նորապսակներուն ուսերուն վրայ` անոնց մաղթելու համար արգաւանդութիւն եւ բարգաւաճում: Ասոր կողքին, լաւաշի պատրաստութեան խմբային աշխատանքը կը զօրացնէ ընտանեկան, համայնքային եւ ընկերային կապերը: Երիտասարդ աղջիկներն ալ կ՛օգնեն հացին պատրաստութեան, մինչ այր մարդիկը կը զբաղին կաղապարներուն եւ փուռերուն շինութեամբ` իրենց վարպետութիւնը փոխանցելով ուսանողներուն եւ աշկերտներուն, որպէսզի գոյատեւէ լաւաշի պատրաստութեան այս սովորութիւնը:

Զաժալը` Արտասանուած Կամ
Երգուած Բանաստեղծութիւն

1206_zajalԱյս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանն ալ մուտք գործեց այս ոչ նիւթական մշակութային մարդկութեան ժառանգութեան ցանկին մէջ: Լիբանանեան զաժալը` արտասանուած կամ երգուած բանաստեղծութիւնը, շատ յատուկ սովորութիւն մըն է Միջին Արեւելքի մէջ: Անիկա տեղի կ՛ունենայ ընկերային կամ ընտանեկան հանդիսութիւններուն եւ առօրեայ կեանքին ընթացքին: Այս հաւաքոյթներուն ընթացքին բանաստեղծներու խումբերը բանաստեղծութիւններով կ՛արտայայտուին տարբեր նիւթերու մասին, ինչպէս` սէր, կարօտ, մահ, քաղաքականութիւն կամ նոյնիսկ առօրեայ կեանք: Անոնց կ՛ընկերանան տըրպաքքէի եւ տաֆֆի կշռոյթները: Բանաստեղծները եւ երաժիշտները նստած կ՛ըլլան լիբանանեան աղանդերներով եւ օղիի գաւաթներով լեցուն սեղաններու շուրջ: Անոնք զիրար «մարտի կը հրաւիրեն» ոտանաւորի տուներով: Ապա հանդիսատեսները անոնց ետեւէն կը կրկնեն այդ տուները: Այս բերանացի փոխանակումները կ՛արտայայտեն Լիբանանի գեղեցկութիւնը, համայնքներու միջեւ հաղորդակցութիւնը եւ համակեցութիւնը, կ՛օգնեն անհասկացողութիւնները լուծելու եւ զօրացնելու ընկերային միութիւնը:

Ճիշդ է, որ այս սովորութիւնները մէկ օրէն միւսը կորսուելու վտանգին մէջ չեն գտնուիր, սակայն կան նաեւ ուրիշ սովորութիւններ, ինչպէս, օրինակի համար, «իսուքութին», որ արեւմտեան Քենիայէն երկու համայնքներու յատուկ տօնակատարութեան աւանդական պար մըն է, որոնք «շտապ օգնութեան» պէտք ունին: Յաճախ տարիքոտ մեկնաբանողները իրենց յաջորդողներ չեն գտներ իրենց գիտութիւնը անոնց փոխանցելու համար: Դրամի եւ նիւթերու պակասը երբեմն արգելք կ՛ըլլայ երաժշտական գործիքներու եւ հագուստներու պատրաստութեան: Այս պարագաներուն անհրաժեշտ է պահպանութեան յատուկ ծրագիրներ կազմակերպել, որպէսզի դարեր գոյատեւած այս սովորութիւնները ամբողջովին չանհետանան:

 

Կաղանդ Պապայի Թզուկներու
Ամէնէն Մեծ Հաւաքը

1206_thai-11206_thai-2Նոյեմբեր 29-ին Կաղանդի նոր մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ: Թայլանտցի 9-15 տարեկան 1792 աշակերտներ, կարմիր, կանաչ, ճերմակ գլխարկներ, շապիկներ եւ տաբատներ հագուած, թզուկի կերպընկալէ սուր կեղծ ականջներ դրած, իրարու քով հաւաքուեցան` կազմելով երկրին նախկին անունը` «Սիամ» բառը եւ արձանագրեցին մրցանիշը` Կաղանդի թզուկներուն ամէնէն մեծ հաւաքին:

Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոկի մեծ վաճառատունի մը առջեւ հաւաքուած` անոնք իրենց այս դիրքը պահեցին հինգ վայրկեան եւ ապա հռչակուեցան «Կինէս»-ի աշխարհի մրցանիշներու յաղթականներ: Նախկին մրցանիշը արձանագրուած էր 2013-ին Անգլիոյ մէջ, ուր հաւաքուած էին 1110 Կաղանդի թզուկներ:

 

Հարցարան

Աշխարհին Շուրջ

1206_hartsaran1) Ո՞ր երկիրը կը ծածկէ Ովկիանիոյ ցամաքամասին գրեթէ ամբողջ տարածքը:

2) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը:

3) Ո՞րն է Լատին Ամերիկայի մէջ ամէնէն շատ խօսուած լեզուն:

4) Ո՞ր երկրին կապուած է Կրինլանտը:

5) Ի՞նչ կը կոչուի աշխարհի ամէնէն մեծ եւ տաք անապատը:

6) Ո՞ր թուականին տեղի ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութիւնը:

7) Ո՞ր հատիկը հաւանաբար գտնուած է Եթովպիոյ մէջ:

8) Ո՞ր ովկիանոսին մէջ կը գտնուի Մորիս կղզին:

9) Ո՞րն է Ֆրանսայի ամէնէն մեծ թանգարանը:

10) Ո՞ւր կ՛ապրի Անգլիոյ թագուհին:

11) Ի՞նչ կը կոչուի Սպանիոյ նշանաւոր պարը:

12) Ի՞նչ կը կոչուի Շուէտի մայրաքաղաքը:

13) Ի՞նչ կը կոչուի ռուսական դրամը:

14) Ո՞րն է Զուիցերիոյ ամէնէն մեծ լիճը:

15) Քանի՞ գործօն հրաբուխ գոյութիւն ունի Իսլանտայի մէջ: Մօտաւորապէս 130, 150 կամ 170:

16) Քանի՞ յունական կղզիներ գոյութիւն ունին: Մօտաւորապէս 6000, 9000 կամ 15,000:

17) Ո՞ր անկախ ժողովուրդը կ՛ապրի Քանատայի հիւսիսը:

18) Ո՞ր գետը Մեքսիքան կը բաժնէ Միացեալ Նահանգներէն. Ռիօ Կրանտէ, Ռիօ Սան Խուան կամ Ռիօ Վերտէ:

19) Ո՞ր հնդիկ լեզուն յաճախ կը խօսուի Փերուի մէջ, սպաներէնի կողքին:

20) Ի՞նչ կը նշանակէ ճափոնական դրօշակին կեդրոնը գտնուող կարմիր կլորակը:

Պատասխանները՝ Վերջաւորութեան

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր նկարի եւ վերի անկիւնի առաջին նկարին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր նկարի եւ վերի անկիւնի առաջին նկարին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3x3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3×3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:

1206_jam-3

Կրնա՞ս օգնել մարդուն` գտնելու համար իր դրամապանակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աշխարհին Շուրջ.  Պատասխանները

 

1) Աւստրալիա: 2) Էվերեսթ գագաթը, 8848 մեթր բարձրութեամբ: 3) Սպաներէն: 4) Դանիոյ: 5) Սահարա: 6) 2010: 7) Սուրճը: 8) Հնդկաց ովկիանոսին մէջ: 9) Լուվրը: 10) Պաքինկհամ փալասի մէջ: 11) Ֆլամենքոն, ան ծնած է Անտալուսիա շրջանին մէջ: 12) Սթոքհոլմ: 13) Ռուբլի: 14) Լեման լիճը: 15) 130: 16) Մօտաւորապէս 9000. անոնցմէ միայն 200-ը բնակուած են: 17) Ինուիթները: 18) Ռիօ Կրանտէ. Մեքսիքայի այս գետը կը կոչուի Ռիօ Պրաւօ տել Նորթէ: 19) Քեչուա լեզուն:  20) Արեւը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )