50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1964)

«Միսակ Ազիրեան»
Ակումբին Բացումը

Երէկ` կիրակի, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի ՀՅ Դաշնակցութեան «Իշխան» կոմիտէութեան «Միսակ Ազիրեան» նորակառոյց ակումբին բացումը` հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:

Ամբողջ շրջանը ցնծութեան մէջ էր: Ակումբ տանող բոլոր ճամբաները զարդարուած էին լիբանանեան դրօշակներով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը առաւել փայլ մը կու տար հանդիսութեան:

Ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը: Ազգային բարերար Միսակ Ազիրեանի ժամանումը ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով: Քիչ յետոյ բոլոր հրաւիրեալները` պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան. Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, կուսակցական ղեկավար մարմիններու ընկերներ եւ բազմահազար ժողովուրդ հաւաքուեցան ակումբի դրան առջեւ, մինչ յանուն շրջանի կազմին, Անդրանիկ Ուրֆալեան ջերմ խօսքերով ողջունեց Միսակ Ազիրեանը եւ հրաւիրեց ծերունազարդ բարերարը` կատարելու բացումը: Մ. Ազիրեան քաշելով ժապաւէնը` շէնքի ճակատին վրայ երեւցաւ «Միսակ Ազիրեան Ակումբ» մակագրութիւնը: Այս առթիւ ազնիւ բարերարին յանձնուեցաւ ոսկի բանալի մը, զոր քիչ յետոյ, ճաշկերոյթի պահուն, Մ. Ազիրեան պիտի փոխանցէր կուսակցութեան ներկայացուցիչին:

Հիւրերը ապա առաջնորդուեցան եռայարկ ակումբին սրահներն ու սենեակները, որոնք արդիական կահաւորումով եւ բոլոր տեսակի յարմարութիւններով, տիպար ակումբի մը բոլոր հնարաւորութիւնները կը ներկայացնեն շրջանի մարմիններու բազմաճիւղ գործունէութեան համար:

Այնուհետեւ, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան շամփանիայով եւ զանազան խմիչքներով:

Ժամը 12:30-ին, հիւրերը բոլորուեցան գլխաւոր սրահին մէջ սարքուած ընդարձակ ճաշասեղաններու առջեւ, ուր շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ ու զուարթ մթնոլորտ:

Առաջին առթիւ, խօսքը տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանին, որ ողջունեց «Իշխան» կոմիտէութեան բոլոր ընկերները` իրենց սեփական տան համար, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Միսակ Ազիրեանին` ընդգծելով.

«Այս գեղեցիկ ակումբը, այս գեղեցիկ սենեակները ինքնին նշանակութիւն չունին, եթէ չծառայեն իրենց բուն նպատակին: Ես վստահ եմ, որ «Միսակ Ազիրեան» ակումբը լոյս փարոս մը պիտի ըլլայ, ուրկէ պիտի ճառագայթէ Դաշնակցութեան շունչը եւ գաղափարականը»:

Առ ի գնահատութիւն կատարուած աշխատանքին` Ե. Գոնեալեան Կ. կոմիտէին կողմէ 1000 լ. ոսկի դրաւ շրջանի կոմիտէին տրամադրութեան տակ` ակումբի բարեզարդման համար:

Այս նուիրատուութիւնը ազդանշան մը եղաւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններու, որոնց մասնակցեցան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, կուսակցական մարմիններ եւ անհատ ընկերներ ու համակիրներ: Հանգանակութեան ընդհանուր գումարը  բարձրացաւ աւելի քան 8000 լ. ոսկիի:

Միսակ Ազիրեան, որ յայտնապէս յուզուած, ուրախութեամբ կը հետեւէր այս երեւոյթին, իր կողմէ, 22,000 լ. ոսկի նուիրատուութիւն մը ըրաւ ակումբին եւ օգնութեան խաչին: Նուիրատուներու ընդհանուր ցանկը եւ գումարները պիտի հրատարակուին առանձին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին` Կարօ Սասունի, Լոլա Սասունի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Պերճ Մսըրլեան, շեշտելով կուսակցական ակումբներու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` Միսակ Ազիրեանի ազնիւ վերաբերումը եւ նուիրաբերութեան ոգին:

Միսակ Ազիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն համար` յայտնելով, որ իր հոգեկան բաւարարութիւնը գտած է միշտ ՀՅ Դաշնակցութեան ծառայելուն մէջ:

Ճաշկերոյթը տեւեց մինչեւ ժամը 3: Բաժնուելէ առաջ Անդրանիկ Ուրֆալեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնք օժանդակած են ակումբի շինութեան գործին` կարելի դարձնելով Դաշնակցութեան անունին վայել ակումբի մը իրականացումը:

Արշաւիր Շիրակեանի
Յուշերը

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութեան հրատարակութեամբ Պէյրութի մէջ շուտով լոյս պիտի տեսնէ հայ ժողովուրդի վրիժառու եւ արի զաւակներէն` Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը: Գիրքը կը կրէ «Կտակն էր նահատակներուն» խորագիրը:

Գիրքին սկիզբը Կ. Սասունի կը ներկայացնէ հեղինակը, Ե. Փամպուքեան` Ապրիլեան եղեռնը եւ Ս. Վ.` Ապրիլեան եղեռնի պատասխանատուներուն պատուհասումը:

Այս պատկերազարդ արժէքաւոր հրատարակութեամբ Համազգայինը իր յարգանքի տուրքը կ՛ընծայէ Ապրիլեան եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

 

20.000 Տոլարի Յատկացում Ճեմարանին
Հայագիտական Ամպիոնի Մը Հաստատման Համար

Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ ազգային մը խոստացած է 20.000 տոլար տրամադրել` Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի մէջ իր անունով հայագիտական ամպիոն եւ ուսուցչանոց մը հաստատելու համար: Նուիրատուն, Լոս Անճելըսէն, առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը:

Անտարակոյս, հայագիտական դասընթացքներու հաստատումը նպաստ մը պիտի ըլլայ ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու պատրաստութեան, շրջանի մը մէջ, ուր ամէն ատենէ աւելի զգալի կը դառնայ որակեալ տարրերու պակասը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )