Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կարենաք կատարել լաւագոյն պայմաններով: Մի՛ վարանիք իրագործելէ, որպէսզի չզղջաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ապագայ ծրագիրները պիտի յստականան: Պիտի կարենաք ձեր փափաքները իրագործել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանդիպումի մը ընթացքին խոհեմ եղէք: Ձեր խօսքերը կշռադատելով արտայայտեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օգտուեցէք հանդարտ պահերէ, որպէսզի կարենաք կեդրոնանալ: Ժամանակ տրամադրեցէք զբօսանքի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձգեցէք վիպային տրամադրութիւնը եւ բացատրեցէք ձեր հարցերը: Ոչ ոք պիտի մեղադրէ ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան ալպոմը բացէք եւ կապուեցէք ձեր մանկութեան հետ: Օրը պիտի անցնի զուարթ տրամադրութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քիչ մը դիւանագիտութեամբ ամէն ինչ կը կարգադրուի: Եղէք ընկերասէր եւ հաճոյակատար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ուրախութիւնը նուէրներ ընծայելու մէջ է: Ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ կ՛ակնկալէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Համարձակեցէք ըլլալ նախաձեռնող: Հետապնդեցէք ձեր բախտը, կրնաք յաջողիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Քալելը իտէալ գործունէութիւն է: Անվախօրէն քալեցէք, շատ պիտի օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ տրամադրութիւն պիտի ստեղծուի բարեկամներու միջեւ: Ձեր սրամտութիւնը պիտի խանդավառէ բոլորը` զուարթ մթնոլորտ ստեղծելով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր անհաճոյ դէպքեր կրնան պատահիլ, որոնց պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել: Անցողակի հարցերը ականջի ետեւ նետեցէք եւ մոռցէք: