Դէպի Հիւսիսային Բեւեռ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մենք ի՞նչ գիտենք Կաղանդ Պապային բնակած վայրին մասին…
– Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին ամէնէն հիւսիսը գտնուող կէտն է: Հոն ցամաք չկայ, պարզապէս ջուրին մակերեսին վրայ սառոյցի խաւ մը` 2-3 մեթր հաստութեամբ:
– Ոչ մէկը կ՛ապրի Հիւսիսային բեւեռին վրայ. սակայն կան մարդիկ, որոնք կը բնակին հիւսիսային բեւեռին մերձ շրջաններուն` Արքթիքի շրջանակին մէջ:
– Հիւսիսային բեւեռին մէջ ջերմաստիճանը կը խաղայ 0 աստիճանէն (ամառը) -43 աստիճանի (ձմրան) միջեւ:
– Հիւսիսային բեւեռը տարուան կէսը կ՛անցընէ մութի մէջ: Արեւը կը սկսի ծագիլ հիւսիսային բեւեռի վրայ 21 մարտի շուրջ եւ մար չի մտներ մինչեւ մօտաւորապէս 21 սեպտեմբեր: Յաջորդ վեց ամիսներու ընթացքին այդ բեւեռային շրջանին վրայ ամբողջովին մութ պիտի ըլլայ թէ՛ ցերեկին, թէ՛ ալ գիշերը:
– Ալասքայի մէջ գոյութիւն ունի «Հիւսիսային Բեւեռ» կոչուած քաղաք մը: Անոր փողոցները կը կրեն տարօրինակ անուններ` «Սանթա Քլոզ փողոց», «Սէյնթ Նիքոլաս փողոց»: Իսկ անոր փողոցները լուսաւորող լամբերը Կաղանդի գաւազանի ձեւ շաքարներու կերպարանքը ունին:
Աշխարհին Շուրջ
Կաղանդի Կարճ Լուրեր
– Աշխարհի ամէնէն մեծ Կաղանդի պիւշը 1174 մեթր երկարութիւն ունի: Անիկա շինուած է 2012 թուականին, սպանացի խոհարարներու կողմէ:
– Գիտէի՞ր, թէ Ճափոնի մէջ, Կաղանդի շրջանին, բարձր շէնքերու ապակիները լուացող աշխատաւորները երբեմն Կաղանդ պապայի հագուստներ հագած կ՛աշխատին:
– Սուտորսան Փաթթնայք հնդիկ աւազի արուեստագէտ մըն է, որ բազմաթիւ վարձատրութիւններ ստացած է իր գործերուն համար: 2013-ին ան շինած է 7.50 մեթր բարձրութիւն եւ 22 մեթր լայնք ունեցող Կաղանդ պապայի եւ Յիսուսի աւազէ արձան մը` աշխարհին մէջ խաղաղութեան մասին արտայայտուելու համար: Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը` Փուրիի ծովափին վրայ «քանդակուած» այս հսկայական արձանը կարօտած է 1000 թոն աւազի եւ 3 օրուան աշխատանքի` արուեստագէտին եւ անոր 25 օգնական աշակերտներուն համար:
– Ամէն տարուան աւարտին Զուիցերիոյ Սամնաոն քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ կաղանդ պապաներու աշխարհի ախոյեանութիւնը: Կաղանդ պապաները կու գան աշխարհի զանազան կողմերէն` մասնակցելու համար իւրայատուկ մրցումներու, ինչպէս` ծխնելոյզ բարձրանալ, նուէրները փաթթել, սահնակով նուէրները բաժնել…
– Քոքս հսկայական աքուարիումը կը գտնուի Սէուլի մէջ, Հարաւային Քորէա: Դեկտեմբեր ամսուն այդ վայրը այցելողներուն անակնկալ մը կը սպասէ: Հոն Կաղանդ պապան պարզապէս նուէրներ չի բաժներ, այլ կը սուզուի աքուարիումին ջուրերուն մէջ` կերակրելու համար աղկերները:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Զարդարանքներ
1.- Կանաչ թագ
Այս իւրայատուկ թագը կրնաս գործածել տան դուռերը զարդարելու համար: Ճերմակ կամ մութ կանաչ խաւաքարտի մը վրայ բաց կանաչ ջրաներկով ձեռքերուդ հետքերը տպէ: Ձգէ, որ չորնան: Ապա ձեռքերուն շուրջէն կտրէ եւ զանոնք իրարու հետ փակցուր` շրջանակ մը կազմելով: Կարմիր ժապաւէնի կտորով մը հանգոյց մը ըրէ եւ զայն թագին վրայ փակցուր:
2.- Կաղանդի տերեւներու շղթայ
Մութ եւ բաց կանաչ խաւաքարտերու վրայ գծէ եւ կտրէ տարբեր չափերով Կաղանդի տերեւներ: Կարմիր, դեղին, ճերմակ խաւաքարտերու վրայ գծէ եւ կտրէ պզտիկ կլորակներ: Զանոնք փակցուր կպչուն երիզի կտորներով, բարակ պարանի մը վրայ:
3.- Ձիւնամարդը
Ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ գծէ պարուրաձեւ կլորակ մը: Ուշադրութիւն. կեդրոնի կլորը պէտք է բաւական մեծ մնայ. անիկա ձիւնամարդին գլուխն է: Պարուրաձեւ կլորակը կտրէ: Սեւ եւ նարնջագոյն ներկերով գծէ ձիւնամարդին աչքերը, բերանը եւ քիթը: Գլուխի կլորակը ծալէ դէպի վեր: Սեւ խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ձիւնամարդուն գլխարկը եւ թեւերը: Զանոնք փակցուր ձիւնամարդուն վրայ: Գլխարկին վրայ պզտիկ թել մը փակցուր: Պարուրաձեւ կլորակին ծայրէն քիչ մը քաշէ ձիւնամարդին մարմնին ձեւ տալու համար: Ձիւնամարդը պատրաստ է կախուելու Կաղանդի ծառին վրայէն:
4.- Կաղանդի ծառ
Այս ծառերուն համար կրնաս գործածել տարբեր նուէրի թուղթեր կամ պարզապէս գունաւոր թուղթեր: Խաւաքարտի կտորներու վրայ փակցուր այդ տարբեր թուղթերու կտորները: Անոնց վրայ գծէ եւ կտրէ եռանկիւններ: Այս եռանկիւնները լաթակալներու վրայ փակցուր զօրաւոր խէժով մը: Ծառերուն գլխուն փակցուր փայլուն աստղ մը եւ ետեւէն կպչուն երիզի կտորով մը թելի կտոր մը փակցուր: Այս փոքրիկ ծառերը կրնաս գործածել մեծ Կաղանդի ծառիդ վրայ կախելու համար, կամ` պատուհաններն ու դուռերը զարդարելու համար:
Կաղանդ Պապուկներ
Այս Կաղանդ պապուկները շինուած են փայտէ լաթակալներով: Անոնց մէկ երրորդը վարդագոյն ներկէ իսկ մնացած բաժինը` կարմիր: Ձգէ, որ չորնան: Կարմիր խաւաքարտի կտորի մը վրայ գծէ փոքրիկ գլխարկները, իսկ ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ` մօրուքները: Զանոնք կտրէ եւ լաթակալներուն վրայ փակցուր: Սեւ մելան մատիտով մը գծէ Կաղանդ պապուկին աչքերը եւ բերանը: Իսկ կարմիր մելան մատիտով մը` անոր քիթը: Այս Կաղանդ պապուկները կրնաս ուղղակիօրէն անցընել Կաղանդի ծառի ճիւղերուն վրայ, կամ` զանոնք շարել սեղանին վրայ:
Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-111` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել Կաղանդ պապային համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու համար իր մոյկերուն հասցնող ճամբան: