ՏՕՆԵՐ, ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ- Ս. ԶԱՏԻԿ

Յառաջիկայ կիրակի, ապրիլ 24-ին, Հայ առաքելական եկեղեցին պիտի տօնէ Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան տօնը: Այս տօնը շարժական է եւ կ՛իյնայ մարտ 21-էն ապրիլ 26-ի ժամանակահատուածին մէջ:

Զատիկը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար մեծ տօներէն մէկն է, կրօնական իմաստով` ամէնէն կարեւորը ամբողջ քրիստոնէական հաւատքը խարսխուած է Քրիստոսի յարութեան հաւատքին վրայ: Նոյն այս տօնը մեր նախահայրերուն կողմէ կոչուած է տօն տօնից` տօներու տօն:

Զատիկ բառը վերջնականապէս ստուգաբանուած չէ եւ տարբեր մեկնաբանութիւններով կը կապուի զատել, ազատութիւն, հատիկ (զհատիկ) զենում եւ այլ բառերու հետ:

* * *

Զատիկէն առաջ հաստատուած քառասնօրեայ պահքն ու Աւագ շաբաթը լաւագոյն միջոցն են հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս եւ մարմնապէս պատրաստելու Ս. Յարութեան տօնի արժանաւորապէս դիմաւորման համար:

Զատկուան նախորդ երեկոյեան` ճրագալոյցի խթման հետ վերջ կը գտնէ Մեծ պահքը: Ընթրիքի սեղանին վրայ անպայմանօրէն պէտք է գտնուին ձկնեղէն, կաթնեղէն եւ հաւկիթ: Աւանդաբար զատկական սեղաններուն զարդը կը համարուի կարմիր ներկուած եւ եկեղեցին օրհնուած ձուն, որ ըստ Գ. Տաթեւացիի, կը խորհրդանշէ աշխարհը: Արտաքին կեղեւը նման է երկնքին, թաղանթը` օդին եւ սպիտակուցը` ջուրին: Իսկ դեղինը երկրագունդն է: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափած արիւնը:

* * *

Ս. Յարութեան տօնի նախընթաց երեկոյեան եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի ճրագալոյցի սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին պահք պահողները հաղորդութիւն կը ստանան եւ ծայր  կ՛առնեն զատկական տօնակատարութիւնները: Հաւատացեալները զիրար կ՛ողջունեն`

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» խօսքով եւ իբրեւ պատասխան կը ստանան`

«Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի»:

 

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

Մեզմէ ո՛վ տուրմով կարկանդակ չի շիներ, իսկ սովորական տուրմով կարկանդակ մը կարելի է դիւրաւ վերածել Զատկուան կարկանդակի մը` կեդրոնը զարդարելով շուկայէն գնուած տուրմէ եւ շաքարէ պատրաստուած հաւկիթներով:

ՀԱՒԿԻԹԻ ԿԵՂԵՒԻՆ ՄԷՋ ԼԵՑՈՒԱԾ ՄՈՒՍ

Այլ համեղ եւ դիւրին պատրաստութիւն մըն է տուրմով մուսը: Անոր զատկուան տեսք տալու համար կը բաւէ, որ զայն լեցնենք պարպուած եւ շատ լաւ լուացուած ու ցամքեցուած հաւկիթի ամբողջական կեղեւներու մէջ եւ երեսը զարդարենք տաշուած տուրմի շերտով մը:

ՁՈՒԱՁԵՒ ԿՐԿՆԵՓՆԵՐ

Կրկնեփ բոլորս ալ կը պատրաստենք, եկէք` այս անգամ պատրաստենք ձուաձեւ կրկնեփներ եւ զանոնք զարդարենք գունաւոր շաքարներով եւ սերերով (շուկան վաճառուող, թիւպերու մէջ):

 

 

 

ԴՈՒՌԻ ՊՍԱԿ

Կաղանդի առիթով դուռի պսակ շատեր պատրաստած են: Նոյն սկզբունքէն մեկնելով` կարելի է պատրաստել զատկուան յատուկ դուռի պսակներ:

Նկարին վրայի պսակին իրականացման համար պէտք ունինք պսակի մը եւ` պարպուած ու նաշխուած հաւկիթներու, ինչպէս նաեւ` ժապաւէնի մը:

Հաւկիթները հաստատելու համար օգտագործեցէք խէժով օժտուած զէնքը:


ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՍԵՂԱՆԸ ԶԱՐԴԱՐՈՂ ՏՈՒՐՄԷ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐ

Անուշավաճառներուն մօտ կարելի է գտնել շաքարէ պատրաստուած գունաւոր ծաղիկներ, մարդուկներ, անասուններ: Նայած` թէ դուք ի՛նչ գտաք, բերէք զանոնք տուն եւ շատ թանձր սերի կամ հալած տուրմի միջոցով զանոնք փակցուցէք նախապէս գնուած երկու տարբեր չափի տուրմէ հաւկիթներու վրայ: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, արդիւնքը բացառիկ պիտի ըլլայ…

 

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԽՆՁՈՐՈՎ ՔԻՒՆԵՖԷ

Բաղադրութիւն

Կէս գաւաթ հալած կարագ
Կէս գաւաթ փոշի շաքար
Կէս գաւաթ կեղեւը հանուած եւ կտրտուած նուշ
250 կրամ քիւնեֆէի խմոր

Միջուկին համար

2 ապուրի դգալ կարագ
2 խնձոր
1/4 գաւաթ շաքար
Ապուրի դգալ մը փոշի կասիա
2 գաւաթ թարմ սեր (զարնուած)

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել կարագը, շաքարը եւ նուշը, աւելցնել քիւնեֆէի խմորը եւ բոլորը միատեղ խառնել:

Առնել քափ քէյքի կաղապարը եւ խմորէն քիչ մը առնելով` կաղապարներուն յատակն ու չորս կողմը ձեւաւորել, այնպէս մը, որ կեդրոնը պարապ մնայ:

Տաք փուռին մէջ եփել 12 – 15 վայրկեան, մինչեւ որ կարմրին, ապա մէկ կողմ ձգել, որպէսզի պաղին:

Կաթսայի մը մէջ տաքցնել կարագը, աւելցնել խորանարդաձեւ կտրտուած խնձորը, շաքարը եւ կասիան: Եփել, մինչեւ որ խնձորները կակուղնան, ապա խառնուրդը մէկ կողմ ձգել, որպէսզի պաղի:

Հրամցնելու պահուն խմորներուն մէջ լեցնել թարմ սերը, զարդարել խնձորի խառնուրդով եւ անմիջապէս հրամցնել:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՀԱՒՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ԱՅՆՏԵՂ…

Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…
Դժոխային այս տրամն ի՜նչպէս կրնայ պատմուիլ…
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէք, երէկ կ’ապրէր, կ’ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար եւ տակաւին սիրտը յոյսին,
Կը բարձրանար ճահիճէն ուր խրած էր ատենօք,
Թեւերն արդէն կը թօթուէր, ինքզինք արդէն եթերին,
Ամպերուն մէջը կը զգար,- եւ ահա ճիշդ այդ պահուն`
Ոսոխ աստուած մը կարծես, որ դարանած կը դիտէր,
Անոր վրայ արձակեց ամբողջ չարիքն աշխարհի.
Ոտքի հանեց բովանդակ հրէշութիւնը նիրհած`
Մեծ օձերու, վագրերու, շաքալներու դէմքերով,
Փաթթուեցաւ ոտքերուն, խածատեց կուրծքն ու հասաւ
Անոր վզին, աչքերուն եւ իր ժանիքը մխեց
Ճիշդ ուղեղի՛ն մէջ անոր` զոր արիւնին հետ, ահա՛,
Ան կը լզէ հեշտանքով, ան կը ծծէ զգլխած…:

Ահաւոր բա՜ն մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…
Կը սպաննե՜ն ազգ մը այնտեղ որ կեանք ունէր եւ շնորհ,
Ունէր հանճարն ապրելու, նորոգելու ալ ինքզինք,
Գեղեցկացած էր տակաւ ու թարմացած էր, ո՜րքան,
Եւ այդ ազգը մերի՜նն էր ու կը սպաննեն զայն հիմա,
Զայն կը սպաննեն, օգնութի՜ւն, ա՛հ օգնութի՜ւն, օգնութիւն…:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES