50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 21 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Ա. ՄԱԼԽԱՍ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ
Նիւ Եորքէն մեր ստացած ստոյգ տեղեկութեանց համաձայն, ծանօթ գրող եւ «Զարթօնք»ի հեղինակ` Ա. Մալխաս շուտով պիտի մեկնի արտասահման` Եգիպտոս, Սուտան, Եթովպիա, յետոյ Լիբանան ու Յորդանան, Քուէյթ եւ հաւանաբար Իրան:
Իր վերադարձին Ա. Մալխաս պիտի հանդիպի` Կիպրոս, Յունաստան, Իտալիա ու Ֆրանսա: Իր ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ երկու տարի: Իր ճամբու ընթացքին հաւանաբար Եգիպտոսի մէջ պիտի հրատարակէ երկու նոր վէպերը` «Անահիտ Ոսկեան» եւ «Առիւծ Գեւոյի մահը»:
Մալխասի առողջական վիճակը գոհացուցիչ գտած են բժիշկները` հակառակ իր յառաջացած տարիքին: Իր մեկնումին առթիւ տէր եւ տիկին Մալխաս իրենց տան մէջ հիւրասիրած են կարգ մը բարեկամներ, ընկերներ եւ ծանօթներ` ցտեսութիւն ըսելու եւ ուրախ ժամանցի համար:
Յոյս ունինք, որ ամէն տեղ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ մեր սիրելի ու ժողովրդական գրագէտը:
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅԹ`
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ԵՒ «ԱՆԴԱՍՏԱՆ»Ի
Ամսոյս 13-ին Փարիզի մէջ «Անդաստան»ի բարեկամներն ու համակիրները գրական երեկոյթ մը կազմակերպած են պարբերաթերթին տասնամեայ հրատարակութեան առթիւ:
Այդ երեկոյթը մեծարանք մըն էր նաեւ ամերիկահայ ծանօթ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի, որ իր ներկայութեամբ խանդավառած է ներկաները, մանաւանդ` երիտասարդները: Այսօր դարը եւ միջազգային մթնոլորտը, որոնք կը շրջապատեն արտասահմանի հայ երիտասարդութիւնը, դժբախտաբար այնպիսի պայմաններ ստեղծած են, որ հայ երիտասարդը, Նարեկացիէն աւելի, պէտք ունի Սարոյեանի, Վարուժանէն աւելի Վահէ Քաջայի, Ռուբէն Մելիքի եւ այլն: Այսպէս Վերնէոյներն են, Ազնաւուրներն են, որ կը հպարտացնեն հայ երիտասարդը:
Կ. Փօլատեան վարած է հաւաքոյթը եւ խօսք առնելով` յիշած է «Անդաստան»ին կատարած դերը եւ կտրած ճամբան: Ապա ծանրացած է Ուիլիըմ Սարոյեանի անձին եւ գործին վրայ: Գնահատած է անոր մէջ ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը: Կ. Փօլատեան յիշած է Սարոյեանի «հանդիպումը» Անդրանիկի հետ` գրուած այնքան պարզութեամբ:
Գ. Համբարձումեան կարդացած է խնամուած ուղերձ մը: Լիւք Անտրէ Մարսէլ յայտնած է, թէ հայութիւնը ճանչցած է Սարոյեանի միջոցով, որուն գրականութեան շնորհիւ է, որ ուզած է մօտենալ հայ գիրին: «Նարեկացիէն առաջ ճանչցայ Սարոյեանը», ըսած է ֆրանսացի բանաստեղծը: Տ. Խայիկեան ուրախութիւն յայտնած է, որ համագործակցութիւն կը ստեղծուի մշակութային ձեռնարկներու շուրջ: Առլեն Փափազեան կարդացած է իմաստալից գրութիւն մը` ներկայացնելով Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ անոր ստեղծած ամբողջ ոգին: Ամերիկահայ գրագէտը, ըսած է Փափազեան, պոռալով իր հայութիւնը` վերջ դրաւ նուաստացումի ողբալի զգացումին եւ բեմ քաշեց ամբողջ սերունդ մը, որ շնորհիւ իրեն` սկսաւ պոռալ իր կարգին, թէ` «իրենց անունը Արամ է»:
«Անդաստան»ի խմբագիր Բ. Թոփալեան իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնած է Սարոյեանի նման համաշխարհային արժէքով գրագէտի մը ընծայած այդ մեծարանքին համար: