Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ երեսփոխան Մարուան Համատէ շեշտեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը խորհրդարանի լիագումար նիստերուն պիտի չմասնակցի, եթէ կարելի չըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ անցեալ երկուշաբթի օր առեւանգուած 5 սուրիացի քաղաքացիներէն երեքը ազատ արձակուեցան երէկ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը երէկ քրիստոնեայ քաղաքացիները շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շնորհաւորեց քրիստոնեաները Ս. Ծնունդի տօնին առումով եւ խստիւ դատապարտեց իսլամ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքի կատարած յայտարարութիւնները` նշելով, որ այդ կեցուածքները կը ներկայացնեն Պաքրիի անձնական տեսակէտները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի յաւելում:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Իպրահիմ Թաննուս երէկ կնքեց իր մահկանացուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու համար կարիքը կայ փոխադարձ վստահութեան: Ան ըսաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրինագիծերու քննարկումը եւ կը նախընտրեն քննարկել մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը մշակումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չկատարուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը 70 երեսփոխան պիտի կարենան ապահովել յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան օժանդակելու սուրիացի քաղաքացիներուն` հեռու քաղաքական ամէն տեսակի հաշիւներէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի տեսակէտներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան այլընտրանքը «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ կոչ ուղղեց վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին` հաստատելով, որ Սուրիոյ վարչակարգին փլուզումը պիտի յանգի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն քայքայումին:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետ Նատեր Ղազալ յայտնեց, որ ինք 2013-ի առաջին ամսուան ընթացքին իր հրաժարականը պիտի ներկայացնէ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը պաշտպանէ իր հայրենիքը, ժողովուրդն ու վարչակարգը` պայքարելով ծայրայեղութեան դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ այս հանգրուանին խուլերու միջեւ երկխօսութիւն կատարելը շատ աւելի վատ է, քան` բնաւ երկխօսութիւնը չկատարելը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES