ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Քանի մը շաբթուան ընդմիջումէ մը ետք, այս շաբաթավերջին կը շարունակուին ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները, որոնց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ հասած են կիսաւարտական հանգրուան:

Շաբաթ, 7 մայիսին տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի մրցումները` «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, իսկ կիրակի օր` պասքեթպոլի մրցումները, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

ՖՈՒԹՊՈԼ ԺԱՄ

Եղիշէ Մանուկեան – Ճեմարան (միջակ) 12:00
Յովակիմեան – Սոֆիա Յակոբեան (միջակ) 12:00
Հարպոյեան – Քաղաքի Հայ աւետ. քոլեճ (փոքր) – կիսաւարտական 12:00
Շամլեան – Թաթիկեան – Եղիշէ Մանուկեան (մեծ) – կիսաւարտական 13:00
Թորոսեան – Մեսրոպեան (միջակ) 13:00

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ

Մեսրոպեան – Ս. Հռիփսիմեանց (մեծ տղաք) կիսաւարտական 12:00
Ճեմարան – Յովակիմեան (մեծ տղաք)- կիսաւարտական 13:00
Մեսրոպեան – Յովակիմեան (միջակ տղաք) – կիսաւարտական 14:30
Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան (միջակ տղաք) – կիսաւարտական 16:00

 

Share this Article
CATEGORIES