Բացատրելով Սեփական Թեկնածու Չառաջադրելու Դիրքորոշումը` «Մեր Որոշումը Չի Նշանակեր, Թէ Մէկ Կողմ Կը Քաշուինք» Ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան

Արսէն Համբարձումեան, Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ Երեւանի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ թէեւ ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի չառաջարդէ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մէկ կողմ կը քաշուի հոլովոյթներէն: «Ընդհակառակն` աւելի անաչառ դիրքերէ խնդիրներ պիտի բարձրացնենք եւ պահանջենք, որ թեկնածուները հաշուի նստին հասարակական պահանջին հետ, որ կը ձեւաւորուի Դաշնակցութեան 7 կէտերուն շուրջ: Աշխուժօրէն պիտի մասնակցինք ընտրարշաւին, իբրեւ քաղաքական ուժ` անով մեր քաղաքական գործունէութիւնը պիտի չդանդաղի», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, որպէսզի այս ընտրութիւնները ծառայեն իրենց նպատակին, նախ եւ առաջ պէտք է ժողովուրդին մօտ յառաջացնեն այն համոզումը, որ այս ընտրութեանց միջոցով երկրին մէջ կարելի է որեւէ բան փոխել: Ռուստամեան նշեց, որ ատիկա կատարելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ էր համախմբել ընդդիմադիր ուժերը, ինչ որ դժբախտաբար տեղի չունեցաւ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան իր կարգին մանրամասնեց, թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւնները պոյքոթի չենթարկեց: Ըստ անոր, պոյքոթը իմաստ ունի միայն այն պարագային, եթէ ընդդիմադիր ուժերը ընդհանուր պոյքոթ յայտարարեն:

«Դժբախտաբար սկիզբէն յայտնի էր, որ Հայաստանի մէջ` կախուած տարբեր գործօններէն, մարդոց նպատակներէն, այսպիսի համընդհանուր պոյքոթ կարելի չէ: Իսկ մենք Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժ ենք եւ իրաւունք չունինք միայն մեր պոյքոթով վերջնականապէս վարկաբեկելու ընտրութեան հասկացողութիւնը: Ի վերջոյ, փոփոխութիւններու միակ օրինաւոր ճամբան ընտրութիւններն են, եւ մենք չէինք կրնար այսպիսի շռայլութիւն մեզի թոյլ տալ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ եթէ ընտրապայքարին մասնակցիս, ապա պէտք է յաղթես: Բայց, ըստ անոր, առկայ իրողութիւնները, ընդդիմադիր քաղաքական դաշտի չմիաւորուած ըլլալը իրատեսական չեն դարձներ գործող նախագահին դէմ դնելու եւ անոր յաղթելու առիթները:

«Մեզի կը մնայ յուսալ, որ եթէ գործող նախագահը յաղթէ, ան յաղթէ նաեւ մեր երկրին մէջ առկայ անարդարութեան, յաղթէ մեր երկրին մէջ առկայ ընկերային այս ծանր վիճակին, յաղթէ մենաշնորհներուն եւ սակաւապետներուն: Յաղթանակը ատիկա կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ այն, որ կ՛արձանագրուի ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք», ընդգծեց Արսէն Համբարձումեան:

ՀՅԴ-ն չի բացառեր նախագահական թեկնածուներուն սատարելու տարբերակը, բայց բացառուած է Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը սատարելը:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, ընտրարշաւի ընթացքին ՀՅԴ-ի համակիրները պիտի կողմնորոշեն` չբացառելով որեւէ տարբերակ` սատարել ոեւէ թեկնածուի, պաշտպանել մէկու մը թեկնածութիւնը, երթալ, բայց չքուէարկել ոեւէ մէկուն:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նաեւ կը կանխատեսեն, որ ընտրութիւններուն բնական մասնակցութեան ցուցանիշը շատ ցած պիտի ըլլայ, եթէ չմիջամտեն թաղային հեղինակութիւնները:

Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները թեկնածու չառաջադրելու որոշումը նախանցեալ օր չեն հրապարակած` հակառակ անոր որ լրագրողները ամէն ձեւով փորձած են տեղեկանալ անոր մասին, քանի որ ցանկացած են ասուլիսի միջոցով տալ բոլոր հարցումներուն պատասխանները, աւելի յստակ ներկայացնել, թէ ինչո՞ւ յանգած են այս որոշման:

Ան տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ի նախանցեալ օրուան Գերագոյն ժողովին ընթացքին լուրջ քննարկումներ կատարուած են` մօտ 80 պատուիրակներու մասնակցութեամբ, ու թէեւ ժողովի ժամանակ հնչած են տարբեր տեսակէտներ, բայց վերջաւորութեան քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք մասնակիցներուն բացարձակ գերակշիռ մասը յանգած է այս եզրակացութեան:

Աղուան Վարդանեան նշեց չորս հիմնական պատճառներ, որոնց հիման վրայ ՀՅԴ-ն որոշեց թեկնածու չառաջադրել յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Ըստ անոր, առաջին հիմնական պատճառը բնոյթն է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած ընտրութիւններուն, որոնք ստուերային են եւ զորս չկրցան փոխել: Երկրորդ պատճառը` կարելի չեղաւ ընդդիմադիր միասնական ճակատ ձեւաւորել: Երրորդ` մասնակցելով ինքնանպատակ, կանխորոշուած ընտրութիւններուն պիտի նշանակէր գծուած ծրագիրի մը մաս կազմել, իսկ Դաշնակցութիւնը ոեւէ մէկուն ծրագիրներուն մաս չի կազմեր: Եւ չորրորդ` լուրջ քաղաքական ուժերը իրենց մօտեցումները եւ դիրքորոշումը չեն ներկայացներ ու իրականութիւն չեն դարձներ միայն ընտրութիւններուն, քարոզարշաւին միջոցով:

 

Share this Article
CATEGORIES