Թուրքիա «Սայտուայնտըր» Տիպի 117 Ամերիկեան Հրթիռնե՞ր Պիտի Գնէ

Թրքական աղբիւրներ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքէջին յայտնեցին, որ Թուրքիա ամերիկեան վարչակարգին ներկայացուցած է օդային մարտերու յատուկ «Սայտուայնտըր Էյ. Այ. Էմ. Էս. 29» տիպի 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ 117 հրթիռներ գնելու խնդրագիր մը` շրջանին մէջ տիրող ժխտական զարգացումներու լոյսին տակ իր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդիականացնելու համար:

Թրքական աղբիւրները կը յայտնեն, որ ամերիկեան քոնկրեսին կողմէ թրքական խնդրանքը որդեգրելու մեծ հաւանականութիւն կայ, որովհետեւ ինչպէս ծանօթ է, զէնքերու վաճառքի համար քոնկրեսի հաւանութեան կարիքը կայ:

Աղբիւրները նշեցին, որ թրքական կողմը վերոնշեալ հրթիռներուն կողքին նաեւ մարզումի եւ գումակային աջակցութիւն կը խնդրէ:

Share this Article
CATEGORIES