ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՏՈՒՐՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Շեֆ Փիեռ տուրմի պատրաստութիւնը կը կատարէ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գործնական դասախօսութիւն` տուրմի պատրաստութեան մասին: Դասախօսութիւնը ներկայացուց շեֆ Փիեռ Ապու Հժէյլի:

Դասախօսութեան սկիզբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի սննդագէտ Մարիա Թէքէեան մանրամասնօրէն ներկայացուց տուրմի տեսակները եւ անոնց առաւելութիւնները, յատկապէս յիշեց տուրմի պարունակութիւնը եւ խօսեցաւ այն մասին, թէ որքանո՛վ անիկա դրական թէ ժխտական ազդեցութիւններ ունի մեր առողջական վիճակին վրայ:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ Յասմիկ Մկրեան. ներկայացնելէ ետք տուրմի պատրաստութեան մասնագէտը` ան կարեւորութեամբ ներկայացուց տուրմի առաւելութիւնները մեր առողջութեան վրայ, բայց միեւնոյն ժամանակ զգուշացուց չափազանց ուտելէ:

Շեֆ Փիեռ ապու Հժէյլի, գործնական դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով տուրմի անհրաժեշտութիւնը մեր սնունդին մէջ: Ան նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործել ու պատրաստել տուրմը` լաւագոյն ձեւով օգտուելու համար անոր ընձեռած առաւելութիւններէն:

Ան բացատրեց, թէ շուկան կը գտնուին երկու տեսակի տուրմեր` պաղ եւ տաք: Տաք տուրմը տեղական տուրմն է, որ նուազ սննդարար եւ աւելի աժան, իսկ պաղ տուրմը արեւմտեան երկիրներէ ներածուած, աւելի սննդարար եւ քիչ մը սուղ է: Ան յանձնարարեց կիները տուրմի պատրաստութեան համար օգտագործելու պաղ տուրմը:

Սրահի բեմը յատուկ յարդարուած էր տուրմ պատրաստելու բոլոր տուեալներով: Հետեւաբար շեֆ Փիեռ Ապու Հժէյլի շարունակելով իր ներկայացումը մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պատրաստել տուրմը: Առաջին հանգրուանին պէտք է ընտրել պաղ տուրմը եւ զայն հալեցնել սթէյնլես կաթսայի եւ ոչ թէ ալիւմինիոմ կաթսայի մէջ, եւ ոչ ուղղակի կրակի օգտագործումով, այլ` եռացած ջուրի: Երբ ջուրը  եռայ, պէտք է մարել կրակը, եւ այդպիսով սպասել, մինչեւ որ լաւապէս հալի տուրմը:

Յաջորդ հանգրուանին  այդ հալած տուրմէն առնել փոքր բաժին մը եւ պարպել ափսէին կամ խոհանոցի քարին վրայ ու անընդհատ խառնել, եւ այս ընթացքին պէտք է ջերմաստիճանը, ջերմաչափի օժանդակութեամբ, 40 աստիճան սենթիկրէյտէն նուազ ըլլայ մինչեւ 27 աստիճանի: Ահա այս հանգրուանին կարելի է կատարել տուրմի յատուկ պատրաստութիւնը: Եթէ կ՛ուզենք, որ արագ ընթանայ այս հանգրուանը, կարելի է ափսէով տուրմը զետեղել սառնարանին մէջ, մօտաւորապէս 2-3 վայրկեան ետք դուրս բերել ու գործածել:

Տուրմի պատրաստութիւնը շարունակելով` յաջորդ բաժինով ընկոյզը, կաղինը, ծիրանը, թուզը թաթխելով հալած, բայց պաղած տուրմի մէջ յատուկ ձեւերով մենք կ՛ունենանք տուրմեր` պատրաստ ուտելու եւ նաեւ հրամցնելու մեր հիւրերուն ու հարազատներուն:

Վերջին բաժինով մեր պատրաստած տուրմերը 5 վայրկեան պէտք է զետեղել սառնարանի մէջ: Շեֆ Փիեռ նաեւ բացատրեց ճերմակ եւ սեւ (գոց գոյն) տուրմի առաւելութիւնները: Ան յիշեց, թէ ճերմակ տուրմը յատուկ կը գործածուի զարդարելու տարբեր անուշեղէններ:

Դասախօսութեան աւարտին շեֆ Փիեռ Ապու Հժէյլի պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` կապուած տուրմի տեսակներուն եւ անոնց պատրաստութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES