Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունեց Հայրապետեանն Ու Մխիթարեանը

Երէկ` երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանն ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի անուանի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ մարզական, բայց մասնաւորապէս ֆութպոլի զարգացման հետ առնչուող հարցեր: Յատուկ դասաւորում մը կատարուեցաւ հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ մարզադաշտեր կառուցելու:

Նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետեանին եւ Մխիթարեանին` Արցախի մէջ մարզական կեանքին զարգացման իրենց աջակցութեան եւ բարեգործական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES