Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Պարնապաս» Հիմնադրամի Տնօրէնը

Շաբաթ երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լոնտոնի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող «Պարնապաս» մարդասիրական հիմնադրամի տնօրէն Փաթրիք Սուխթէոն` իր գործակիցներուն ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Ռիատ Ժարժուր:

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն  դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց հայ համայնքներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը, յատկապէս մարդասիրական, ընկերային ու կրթական մարզերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES