Յունաստան Թուրքիոյ Հետ Իր Սահմանին Վրայ Պատի Կառուցումը Կ՛աւարտէ

Յունական իշխանութիւնները աւարտեցին Թուրքիոյ հետ Յունաստանի սահմանին վրայ պատի կառուցումը, որուն նպատակը թուրք, ասիացի եւ ափրիկեցի ապօրինի գաղթականներու յունական հողամասեր մուտք գործելը արգելակելն է:

Նշենք, որ կառուցուած 11 քիլոմեթր երկարութեամբ պատը շուրջ չորս մեթր բարձրութիւն ունի: Անոր կառուցումը եօթը ամսուան վրայ երկարեցաւ եւ 3.16 միլիոն եւրօ արժեց: Պատը կ՛երկարի Քասթանիես գիւղէն մինչեւ Էւրոս գետը` պահպանելով գաղթականներու ներթափանցման համար ամէնէն վտանգաւոր գօտին: Անիկա զինուած է տասնեակ մը տեսախցիկներով եւ շարժումները զգացող սարքերով, ինչպէս նաեւ պաշտպանուած է 370 հազար մեթր փշալարով:

Աթէնք ընթացիկ տարուան ընթացքին ամրապնդած էր Թուրքիոյ հետ սահմանի վերահսկողութիւնը: Տարեկան Ասիոյ, Ափրիկէի եւ դրացի երկիրներէն Յունաստան կը գաղթեն միջին հաշուով 130 հազար մարդի` հիմնականին մէջ Թուրքիոյ տարածքէն: Անոնց մեծամասնութիւնը կը մնայ Յունաստանի մէջ` հետագային տեղափոխուելով աւելի հարուստ երկիրներ: Այդ պատճառով ալ Յունաստանի մէջ կը բնակին շուրջ 1.5 միլիոն ապօրինի գաղթականներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )