Նշմար. Եգիպտոսի Ընդդիմութեան Կրկնակի Պարտութիւնը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Եգիպտոսի սահմանադրութեան նոր նախագիծը որդեգրուեցաւ: Նախագիծին շուրջ հանրաքուէին մասնակցած քուէարկողներուն 63 առ հարիւրը «Այո» քուէարկեց, իսկ 36 առ հարիւրը` «Ոչ»: Այսպիսով, աշխարհիկ ընդդիմութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք իր երկրորդ պարտութիւնը կրեց: Ընդդիմութիւնը այժմ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ:
Եգիպտոսի 51 միլիոն քուէարկողներուն միայն 32 առ հարիւրը մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն: Այսինքն` աւելի քան 80 միլիոն բնակչութեան միայն 20 առ հարիւրը, որուն 10.5 միլիոնը սահմանադրութեան թեր քուէարկեց, իսկ 6 միլիոնը` դէմ:
Մասնակցութեան ցած համեմատութիւնը երկու կողմերու ձախողութեան ցուցանիշն է: Անոնք չյաջողեցան բնակչութեան 80 առ հարիւրը տասնամեակներ շարունակ բռնատիրական վարչակարգին յառաջացուցած ապաքաղաքականացման թմբիրէն դուրս բերել եւ եգիպտական հասարակութեան մեծամասնութեան մօտ ժողովրդավարական հոլովոյթին նկատմամբ վստահութեան չգոյութիւնը դարմանել: Մուպարաքի տապալման ընթացքին եւ վերջերս արձանագրուած բռնարարքները իրենց կարգին եկան ամրապնդելու այդ ախտագին երեւոյթները:
Այս առումով հանրաքուէի արդիւնքը կարելի է նկատել աշխարհիկ ընդդիմութեան կրկնակի պարտութիւնը: Ակներեւ կերպով իսլամականներուն ի շահ եղող ներկայ կացութեան մէջ, աշխարհիկներն ու ազգայնականները պէտք է բնակչութեան 80 առ հարիւրը կազմող լուռ եւ ձեռնածալ ընտրազանգուածէն քուէներու նկատառելի թիւ մը ապահովեն, այլապէս անոնց ընտրական պարտութեանց շարքը պիտի երկարի, ինչ որ պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարական հոլովոյթին նկատմամբ վստահութիւն չունեցողներուն շարքերը:

