«Քարիւղի Մարզին Վերաբերող Որոշումը Լիբանանցիներուն Տրուող Լաւագոյն Կաղանդչէքն Է» Յայտնեց Ժպրան Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստէն պահ մը

«Քարիւղի մարզը արտադրող է եւ ինք իր պիւտճէով կը բաւարարուի ու պետութենէն նպաստընկալ չէ», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժպրան Պասիլ` աւետելով, որ քարիւղի մարզին առնչուող որոշումի վաւերացումը նախարարաց խորհուրդին կողմէ լիբանանցիներուն ներկայացուող լաւագոյն կաղանդչէքն է: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ նախարար Պասիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ մայիս 2013-ին կը սկսին քարիւղի մարզին վերաբերող նուազուրդի միջոցառումները, որոնց գծով յայտարարութիւններն ու դիմումները պիտի կատարուին տարեսկիզբին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )