Ճատրակ. Այնի Մրցաշարք. Տիգրան Քոթանճեան Կ՛արձանագրէ Լաւ Արդիւնք
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ այժմ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Այնի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Փաւել Քոթցուրի հետ (Ղազախստան) 4,5 կէտով կը բաժնէ առաջին դիրքը:
Միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան ունի 3 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

