ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԻ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

Ֆրանսական ծերակոյտը

Երէկ Ֆրանսայի ծերակոյտը քանի մը ժամ տեւած բուռն քննարկումներէ ետք ի վերջոյ ո՛չ մերժեց, ո՛չ ալ հաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտի օրէնսդրական յանձնախումբը օրինագիծին նկատմամբ բացասական դիրքորոշում յայտնելէ ետք առաջարկեց զայն հանել քուէարկութենէն: Բուռն քննարկումներէ ետք առաջարկը ընդունուեցաւ 196 թեր եւ 74 դէմ քուէներով:

Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 12 հոկտեմբեր 2006-ին որդեգրած էր օրինագիծը, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումին համար սահմանած էր մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրօ տուգանքի պատիժ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES