«Ժամանակակից Վերածնունդի Վարպետ»-ներու Ցուցահանդէսին Առիթով` Հարցազրոյց` «Արամէ» Պատկերասրահի Տէր Եւ Տնօրէն Արամ Սարգսեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

 

Ռուբէն Աբովեան, «Քնացած Արլոքեն», 2012

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որպէս քաղաքամայր Երեւանի լաւագոյն պատկերասրահներէն` «ԱՐԱՄԷ»-ի տէր եւ տնօրէն` այսօր ի՞նչ առաքելութեամբ կը գտնուիք Սփիւռքի մայրաքաղաք Պէյրութ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լիբանան տրուած մեր այցելութիւնները դարձած են աւանդական: Ասիկա  արդէն 4-րդ ցուցահանդէսն է: Ամէն ցուցահանդէս նախորդէն կը տարբերի իր առանձնայատկութիւններով: Մենք զուգահեռաբար կը ներկայացնենք երկու ցուցահանդէս.  մէկը` Ռուբէն Աբովեանի անհատական ցուցահանդէսն է` 31 գեղանկարներով: Զինք կը ներկայացնենք ամբողջական տեսքով, որ լրիւ պատկերացում տանք իր մասին: Զուգահեռաբար նաեւ կը կազմակերպենք ցուցահանդէս 3 գեղանկարիչներու` Տիգրան Բարխանաջեանի, Աւետիս Խաչատրեանի եւ Արամազդ Պետրոսեանի: Այս 3 գեղանկարիչները միասնաբար կը ներկայացնեն 24 աշխատանք: Ընդհանուրը 54 աշխատանք:

Հ.- Կ՛ըսուի, թէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը իր ծանր հետեւանքները ձգած է գեղարուեստի շուկային վրայ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը որպէս մասնագէտի:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Համաշխարհային ճգնաժամ, այո՛, գոյութիւն ունի, այդ ակնյայտ փաստ է: Սակայն համաձայն չեմ, որ այդ ճգնաժամը կ’ազդէ արուեստի վաճառքներու ծաւալներուն վրայ: Բոլորովին վերջերս, «Սոթպիզ» աճուրդի տան մէջ Մարտիրոս Սարեանի փոքր աշխատանք մը վաճառուեցաւ մէկ միլիոն տոլարով…: Այս կը վկայէ այն մասին (խօսքը միայն Սարեանի մասին չէ), որ բոլոր աճուրդներուն մէջ արուեստի գործերուն գիները կ’աճին ու անոնք կը սպառին վայրկեանական: Հետեւաբար, համաշխարհային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ մարդիկ դրամը աւելի խելացի կերպով կը ծախսեն: Անոնք կը գնեն արուեստի արժէքներ, որոնց գինը ժամանակի ընթացքին պիտի թանկանայ (սղի, ինչպէս կ’ըսեն արեւմտահայերը…): Ասիկա ներդրում կը նկատուի: «ԱՐԱՄԷ» պատկերասրահն ալ այն կարծիքին է, որ ժամանակի ընթացքին իր վաճառած գործերը արուեստասէրներուն` պիտի շահին, քանի որ այդ շատ լաւ ու լուրջ ներդրում է:

 

Տիգրան Բարխանջեան «Աղջիկ մը, որ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրէ», 2012

Հ.- Այսօր, դուք կը հանդիսանաք գլխաւոր կամուրջներէն մէկը Հայաստան-սփիւռք գեղարուեստի զարգացման գործընթացին: Որո՞նք են ձեր հետագայի ծրագիրները:

Պ.- Ընդհանրապէս հայ արուեստի ցուցահանդէս կազմակերպելը, նիւթականէն աւելի բարոյական կողմ ունի: Մենք կը քարոզենք հայ արուեստը, միջազգային հանրութեան կը ներկայացնենք մեր արժէքները եւ նուաճումները: Խորապէս համոզուած եմ, որ ժամանակակից կերպարուեստը հայ մշակոյթի ամէնէն ուժեղ ճիւղերէն մէկն է, եւ որուն ճամբով կրնանք ներկայանալ միջազգային բեմ եւ բարձր գնահատանքի արժանանանք: Մենք` «ԱՐԱՄԷ» պատկերասրահը, տարիներ շարունակ կը քարոզէ հայ մշակոյթը, հայ կերպարուեստի նուաճումները տարբեր երկիրներուն մէջ: Մասնաւորապէս յիշենք, որ յառաջիկայ տարուան մայիսին ցուցահանդէս ունինք Պրիւքսէլի մէջ: Օտար միջավայրի մէջ պիտի ըլլան այդ ցուցահանդէսները, որոնք չեն սահմանափակուիր հայ արուեստասէրներով: Մենք ցուցահանդէս ունինք Մոսկուայի մէջ եւ պարբերաբար ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք Երեւանի մէջ: Ոչ միայն կը ներկայացնենք հանրաճանաչ արուեստագէտներ, այլեւ կը փորձենք ճանապարհ բանալ նոր դէմքերու:

Գալով մեր ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Ժամանակակից Վերածնունդի Վարպետներ» խորագիրը, ապա մենք կը կարծենք, որ մեր ներկայացումները այս վարպետներուն համար ներշնչանքի աղբիւր են Վերածնունդի շրջանի մեծագոյն վարպետներն ու իրենց ստեղծագործութիւնները: Անոնց ոճը վերածնունդի ոճն է` ժամանակակից մեկնաբանութեամբ:

Հ.- Շուտով կը թեւակոխենք 2013-ը: Այս առիթով ի՞նչ մաղթանք կ’ուզէք փոխանցել Լիբանանի արուեստասէրներուն եւ հայութեան:

Պ.- Արուեստը կը հարստացնէ մարդը` հոգեւոր իմաստով: Հայ մշակոյթը մարդուն կը դարձնէ ազնիւ ու բարի: Պիտի մաղթէի, որ մարդիկ արուեստ սիրեն, քարոզեն հայ մշակութային արժէքները եւ Աստուած տայ, որ եկող տարի ըլլայ խաղաղութեան տարի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES