Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան «Հայ Ճեմարանի Երախտիքի Ցուցանակ»-ի Եւ «Սուրէն Եւ Սոնիա Սարգիսեան Համակարգչային Աշխատասենեակ»-ի Բացման Արարողութիւն

Վաչէ Փափազեան կ՛ուղղէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայ ճեմարանի երախտիքի ցուցանակ»-ին եւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ:

Ճեմարանի պատասխանատուներէն Նորայր Նաճարեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ապա զանոնք հրաւիրեց Ճեմարանի գրադարանը, ուր բացումը կատարուեցաւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին:

Ծանօթանալէ ետք գրադարանի արհեստագիտական այս նոր բաժանմունքի մանրամասնութեանց` ներկաները հրաւիրուեցան Ճեմարանի  մայր դրան մուտքը, ուր զետեղուած էր 1934-ին իր հիմնադրութենէն ի վեր Հայ ճեմարանը իր այժմու մակարդակին  հասցուցած ազգային բարերարներու անուանացանկի ցուցանակը: Համազգայինի Կեդրոնական  վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան միասնաբար կատարեցին «Հայ ճեմարանի երախտիքի  ցուցանակ»-ի քողազերծումը: Ճեմարանի հիմնադիրներ Նիկոլ Աղբալեանի ու Լեւոն Շանթի կիսանդրիներուն միջեւ հանգչած «վկայարան»-ը կու գար նոր սերունդներուն յիշեցնելու եւ յաւերժացնելու կրթական ու մտաւորական մշակներու` Աղբալեանի եւ Շանթի առաքելութեան իրենց  «ոսկեզօծ լումաներով» նպաստած «բարի սամարացի»-ներուն յիշատակը:

«Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ի բացում

Ձեռնարկին իրենց խօսքը փոխանցեցին  Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Ճեմարանի տնօրէնութիւնը: Նախ եւ առաջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով Վաչէ Փափազեան պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Համազգայինի դերակատարութեան` Հայ ճեմարանի ու ապա Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, իսկ այժմ` Մ. եւ  Հ. Արսլանեան Ճեմարանի կրթական առաքելութեան իրագործման մէջ: «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր կրթական առաքելութեան գործադրութեան ծիրին մէջ, կեդրոնացուցած է իր ուշադրութիւնը Ճեմարանի վրայ: Ամէն ջանք թափած է, որպէսզի Ճեմարանը ապրի, զօրանայ, զարգանայ, արդիակա՛ն ըլլայ եւ միշտ լաւագոյնս ծառայէ իր լաւ մարդ եւ լաւ հայ պատրաստելու առաքելութեան: Տասնամեակներ շարունակ Ճեմարանի իրերայաջորդ տնօրէնութիւնները եւ ուսուցչական կազմերը իրենց առաւելագոյնը տուած են  եւ անկարելին կարելիին խառնած են, որպէսզի Ճեմարանը ապրի: Վարձքը կատա՛ր բոլորին», շեշտեց Փափազեան ու աւելցուց. «Ընդունինք սակայն, որ այս բոլորը պիտի չբաւէր իրագործելու համար մատնանշուած նպատակները, առանց նիւթական բաւարար միջոցներու: Արձանագրենք այս իրականութիւնը եւ հարց տանք, թէ երբ սփիւռքի մէջ կը գործես եւ օգնութեան ձեռք երկարող պետական կառոյցներ չկան, ուրկէ՞ պիտի գայ նիւթական այս կարողութիւնը: Բնականաբար ան պիտի գայ ժողովուրդէն, Ճեմարանի առաքելութիւնը գնահատող հայ մարդէն, Ճեմարանի ազնիւ եւ ամրօրէն  հաւատարիմ բարեկամներէն, հովանաւորողներէն եւ բարերարներէն: Երախտապարտ է Ճեմարանը: Երախտապարտ է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը: Այսօր, «Երախտագիտութեան ցուցանակ»-ին եւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին դիմաց, մեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու առի՛թն է ահա: Մենք երախտապարտ ենք Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, երախտապարտ ենք Ճեմարանի բոլոր նուիրատուներուն: Այս առիթով մեր շնորհակալութեան խօսքը կ՛ուղղենք բոլորին եւ կ՛ըսենք իրենց. մենք գիտենք, որ ձեր երբեմն մեծ, երբեմն համեստ նուէրները արտայայտութիւնն են այն հսկայ հաւատքին, որ դուք կը տածէք հայ ժողովուրդի արժէքներուն հանդէպ, այն խոր սիրոյն, որ դուք ունիք հայ ժողովուրդին համար եւ այն լայն գնահատանքին, որ դուք ունիք լաւ մարդ  եւ լաւ հայ կերտելու  Ճեմարանի առաքելութեան համար»: «Ճեմարանը ձերն է, Ճեմարանը ձեր ունեցած տեսլականին հաւատարի՛մ կրթական հաստատութիւնն է: Ճեմարանը միշտ եւ յարատեւօրէն յանձնառու է իր առաքելութեան: Ճեմարանը վճռած է արժանի ըլլալ  իր նկատմամբ ձեր տածած սիրոյն:  Ձեր բոլորին վարձքը կատար», եզրափակեց Վաչէ  Փափազեան:

Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան կ՛ուղղէ իր խօսքը

Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ հայ բարերարներու ազգօգուտ դերակատարութեան Ճեմարանի ծաղկումին ու վերելքին, վարձու թէ սեփական իր զանազան կառոյցներու ընդմէջէն` Քաղաքի Զոքաք Պլաթի Ճեմարանէն մինչեւ Տըպպայէ ու Ծաղկաձոր: «Ճեմարանը ոեւէ անհատի չի պատկանիր, անիկա ժողովուրդինն է, հա՛յ ժողովուրդին», ընդգծեց Ճինպաշեան եւ աւելցուց. «Ամէն անգամ, որ Ճեմարանը նիւթապէս նեղ կացութեան մատնուէր, անպայման կը գտնուէին  բարի մարդիկ, որոնք կը փութային  օգնութեան հասնելու Ճեմարանին: Հայ ժողովուրդը թոյլ չէր տար, որ Ճեմարանը նիւթապէս նեղ կացութեան մատնուի եւ ասիկա մէկ անգամ չէ, այլ` միշտ: Ճեմարանը սոսկ վարժարան մը կամ կրթական հաստատութիւն մը չէ միայն: Այս հաստատութիւնը, որ իր մօտ ունի 1895-էն մնացած թերթի հաւաքածոյ ու 60 հազար գիրք, խոր վստահութիւն ունի իր ժողովուրդին վրայ, որ առաջին իսկ վայրկեանէն  զգացած է նման հաստատութեան մը կարեւորութիւնը: Այդ ժողովուրդի ծոցէն ծնած բարերարները  բարի ու մեր գործին հաւատացող լայնասիրտ մարդիկ են: Բարերարներու թիւը այնքան մեծ է, որ անոնց նպաստով այսօր աւելի քան 1500 ճեմարանական  շրջանաւարտներ կ՛աշխատին ի խնդիր հայ ժողովուրդի լինելութեան, Հայ դատի պաշտպանութեան, ոչ միայն սփիւռքի, այլեւ` Հայաստանի մէջ»: Ճինպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն` նշելով, որ բարերարութեան երեւոյթը կու գայ մեր պատմութեան խորերէն եւ թէ մեր ժողովուրդին  մէջ միշտ ալ գտնուած են բարերարներ:

Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը` իր խոր գոհունակութիւնը յայտնելով պարզուած երեւոյթին համար: «Ես շատ ուրախ եմ, որ այսօր հոս ներկայ եմ, ուրախ եմ, որ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեանները այս նուիրատուութիւնը կատարեցին մեզի համար այս ամէնէն կարեւոր դպրոցներէն  մէկուն», ընդգծեց նախարար Սապունճեան` նշելով, որ կարեւոր չէ գումարը, կարեւորը` նպատակն է: «Ես կը քաջալերեմ, որ ամէն հայ, համայն մեր ժողովուրդը, մեր հաստատութեանց  կողքին ըլլան միշտ ու պէտք եղած ատեն օգնեն եւ տէր կանգնին անոնց, որովհետեւ ասիկա մեր մշակոյթին ու խառնուածքին մէջ է եւ կը յուսամ, որ ապագային նոր բարերարներ ալ ըլլան ու նորանոր կառոյցներ շինուին եւ ճամբայ հարթեն նորանոր նման քայլերու», շեշտեց նախարար Սապունճեան:

Share this Article
CATEGORIES