«Մեր Մօտ Միայն Տնտեսութիւնը Ստուերային Չէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Դժբախտաբար, ընտրութիւնները դադրած են իշխանութիւն ձեւաւորելու պատճառ դառնալ: Դժբախտաբար, նաեւ մեր մեղքն է, կուսակցութիւններու, որոնց շարքին` Դաշնակցութեան, որ մենք 6 մայիսի ընտրութիւններէն մինչեւ հիմա չկրցանք հասարակութեան մէջ ամրացնել այդ յոյսը` ընտրութիւններու միջոցով բան մը փոխելու: Կը կարծեմ, որ հասարակութիւնը տեղեակ է, գիտէ, որ մենք ամէն ինչ ըրինք, որ այս ընտրութիւնները ըլլան քաղաքական, քաղաքական դիրքորոշումներու, գաղափարներու պայքար: Մենք ձեւակերպած էինք կարեւոր խնդիրները», Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդումին ընթացքին ընդգծեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն փորձեց համաձայնութիւն գոյացնել, բայց չգոյացաւ:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին,  երբեք կարելի չէ ժողովուրդը մեղադրել, անիկա բազմաշերտ է, բազմազան: «Մենք ստեղծած ենք  իրավիճակ մը, որ հասարակութիւնը չի վստահիր ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւն ձեւաւորելուն: Երբեք հասարակութեան 90 տոկոսը ընտրութեան չ՛երթար, բայց որ աշխուժ 10-15 տոկոսը չի կազմակերպուիր, ուրեմն հարց կայ, եւ ասիկա միայն ընդդիմութեան հարցը չէ: Երբ իշխանութիւնը կը մնայ մինակ, ասիկա իշխանութեան հարցն է», յայտնեց Վարդանեան:

Աղուան Վարդանեան  նշեց, որ մեր այս խնդիրներուն պատճառը մեր կուսակցութիւններուն ներքին խոհանոցն է, որոշ պարագաներուն` մէկ անձի շուրջ համախմբուած ըլլալը եւ մէկ անձի որոշում տալը, փակ ըլլալը: Դաշնակցութիւնը, ըստ անոր, թէ՛ արմատական ընդդիմութիւն  եղած է, թէ՛ իշխանութեան մաս կազմած է, այժմ ալ ընդդիմութիւն է, բայց միշտ եղած է ինքնուրոյն եւ ունեցած է իր յստակ դիրքորոշումը. «Մենք որոշեցինք չմասնակցիլ խաղի մը, բեմագրութեան մը, որ մեր խաղը չէ, բայց մենք վերջակէտ չենք դրած: Մեր բոլոր փաստարկները հիմնաւորուած են: Փորձագէտներ կային, լրագրողներ, որոնք մեզ կը գովերգէին` մտածելով, թէ պիտի ընենք իրենց ուզածը, բայց մենք երբ ինքնուրոյն որոշում  կու տանք, հիմա ալ կը քննադատեն մեզ»:

Իսկ քաղաքական խորհրդակցութիւններու անարդիւնաւէտ աւարտը Աղուան Վարդանեան պայմանաւորեց թէ՛ ընդդիմադիր կուսակցութիւններով ու գործիչներով, թէ՛ իշխանութեան պահուածքով, ազդեցութեամբ: «Մեզի համար միայն տնտեսութիւնը ստուերային չէ, ստուերային են նաեւ ընտրութիւնները, քաղաքական գործիչներու յարաբերութիւնները եւս, եւ ասիկա աճելու որոշակի միտում ունի», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES