Միլանով Հանդիսացաւ Պուլկարիոյ Ամէնէն Երիտասարդ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթեքս Լովեչի միջնապահ Ճիորճի Միլանով ընտրուեցաւ Պուլկարիոյ 2012 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան այսպիսով հանդիսացաւ երկրին ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (20 տարեկան), որ կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Արդէն իսկ Պուլկարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Միլանով նախորդ սեպտեմբերին նշանակեց միջազգային իր առաջին կոլը` Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին ընթացքին (2-2):
Նշենք, որ ան Լիթեքսի հետ 93 մրցումի ընթացքին (ախոյեանութիւն) ցարդ նշանակած է 20 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

