ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբի Բարեսիրական Այցելութիւնները` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Զոյգ Առիթներով

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով` հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն` այցելելով Հայ ազգային բուժարանը (Ազունիէ) եւ ՔԱՀԼ`  հրամցնելով ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ փունջ մը երգեր` տօնական ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով հոն գտնուող մամիկներուն եւ պապիկներուն համար եւ յայտնելով, որ իրենք առանձին չեն, այլ կան իրենց մասին մտածողներ, որոնք պատրաստ են  ժամանակ տրամադրելու իրենց: Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը` ստանալով ծերունիներուն օրհնութիւնը: Շեփորախումբը իրեն հետ տարած էր փոքր նուէրներ` տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի «Զուարթնոց» կեդրոն` Կաղանդ պապուկի ընկերակցութեամբ, ուր դիմաւորուեցաւ հոն գտնուող աշակերտութեան կողմէ` դարձեալ նուագելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր, ճոխացնելով Ամանորի խրախճանքը, ինչպէս նաեւ նուէրներ բաժնելով բոլոր աշակերտներուն` մաղթելով, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը համայն աշխարհին համար:

Պուրճ Համուտի հրապարակը, Արաքս փողոցը եւ անոր զուգահեռ լայն պողոտան դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մէջ էին 28 դեկտեմբերի յետմիջօրէին` ՀՄԸՄ-ի  Այնճարի շեփորախումբին հրամցուցած Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգերով:

Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար: Վերջինս իր սիրալիր ընդունելութեան կողքին ամէն տեսակի դիւրութիւն տրամադրեց շեփորախումբին, որպէսզի անիկա իր ծրագիրը իրականացնէ:

Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի անդամները, որոնք խանդավառեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերը` տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով եւ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունն ու ներկայութիւնը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )