Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապատին
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Իրան կը փափաքի, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ըլլայ ամբողջական եւ ընդգրկէ բոլորին` ընդդիմութեան եւ իշխանամէտներուն պահանջները:
Ապատի յայտնեց, որ լիբանանցի բոլոր ղեկավարները, որոնք տեղեակ պահուած են Թեհրանի նախաձեռնութեան մասին, գնահատած են զայն:
CATEGORIES Լիբանանեան


