Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով. Հալէպահայ Օգնութեան Շտապը Նիւթական Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ խմբագրութեան տեղեկացուց, թէ «Հալէպահայ օգնութեան շտապը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն, բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին շտապին, յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն` հիմնուած ընտանեկան տետրակին վրայ իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրելով 4000 սուրիական ոսկի»:

«Արդէն իսկ անցնող 3 օրերուն ընթացքին 5000-է աւելի ընտանիքներ օգտուեցան այս օժանդակութենէն», աւելցուց Ժ. Ռէյիսեան:

Յայտնենք, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին եւս այլազան առիթներով Հալէպահայ օգնութեան շտապը կը հասնէր հալէպահայերու զանազան կարիքներու բաւարարման:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )