Պըրրի Ղանեմի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբին Աշխատանքային Ծրագիրը

Ղանեմ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչական եւ դատական իշխանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքի խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքային ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ այդ յանձնախումբը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի յառաջիկայ երեքշաբթի առաւօտ:

Միւս կողմէ, Ղանեմ դիտել տուաւ, որ այդ յանձնախումբը արդէն իսկ Պըրրիի ցուցմունքներուն մասին տեղեկացած է` մաղթելով, որ այդ յանձնախումբը կարենայ լուծման մը յանգիլ` ընտրական օրինագիծ մը մշակելու առումով:

«Լիբանան արժանի է աշխատանքի», ըսաւ Ղանեմ եւ Պըրրիէն խնդրեց, որ համաձայնութիւն մը գոյացուի այդ իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES