Պապիկեան Եղբայրները Շատ Հաւանաբար Միանան Սպարտակ Մոսկուայի
Իր լուրը քաղելով lodz.sport.pl կայքէջէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ լեհական Լոց խումբին մաս կազմող Աղուան եւ Վոլոտիա Պապիկեան եղբայրները շատ հաւանաբար իրենց ակումբը լքելով միանան Սպարտակ Մոսկուայի:
Լեհական աղբիւրը իր այս լուրը քաղած է հայ ֆութպոլիստներուն հօր հետ իր կատարած զրոյցէն:
Եթէ անոնց այս փոխանցումը կատարուի, անոնք սկզբնական շրջանին մաս պիտի կազմեն Սպարտակի երիտասարդներու խումբին:
Այժմ, Աղուան Պապիկեան մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին:
Նշենք, որ նախորդ ամիս Սպարտակ պայմանագրութիւն մը կնքեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի հետ:
CATEGORIES Մարզական

