ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՐՈՒԵՍՏ` ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐԵՐՈՒ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ Ի ՎԵՐ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ: 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԴՈՒՔՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՇՐՋԷՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԹԱԼԱՆՈՒԱԾ ԻՐԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒԷԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ` ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՂ ԲԱՆԱԿՆԵՐ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓ ՀԻՆ ԹԱԼԱՆԻ, ԱՒԱՐԻ ԵՒ ԱՒԵՐՈՒՄԻ ԻՐԵՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷԵՒ ՄԻՇՏ ԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏՆՈՒԷՐ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ: ՔԷՅՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ՌԻՉԸՐՏ ԻՎԱՆԶ «ՏԸ ՆԵՇԸՆԸԼ ԻՆԹԸՐԸՍԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ՇՐՋՈՒԱԾ ԵՆ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑՆԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ԽԱՄՐԻՆ ԿԱՄ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ (ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ ՆԱԽՈՐԴ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ):
«ԳԵՐԱԴԱՍ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԲԱՐԴՈՅԹ
Նացիները 1938-ի մարտին գրաւեցին Աւստրիան: Մինչ գերմանացի զինուորներ եւ աւստրիացի նացիներ կը խուժէին հրեաներու բնակարանները` գողնալով ինչ որ կը ցանկային կամ կանգնեցնելով ճամբան քալող կիները եւ տեղւոյն վրայ խլելով անոնց մուշտակէ վերարկուներն ու գոհարեղէնը, անդին` Հիթլերի ոստիկանական յատուկ ուժերն ու գաղտնի ոստիկանութիւնը ցանկերու հետեւողութեամբ կ՛ուղղուէին դէպի հրեայ անուանի ընտանիքներու բնակարանները, անոնց ունեցուածքը գրաւելու հրամանագիրներով:
Ցանկերուն գագաթին էր Ռոթչայլտ ընտանիքը, որուն հաւաքածոները գրաւուեցան, ապա աճուրդի դրուեցան` ենթադրեալ տուրքերու իբրեւ հատուցում, ինչ որ ընդհանրացած սովորութիւն էր 1930-ական տարիներուն եւ դիւրացած էր 1939-ին, գերմանացի եւ աւստրիացի հրեաներուն պարտադրուած յատուկ տուրքերով եւ տուգանքներով: Յաւելեալ օրէնքներ հրեաներէն կը պահանջէին գաղթելու պարագային իրենց ունեցուածքը ձգել իրենց ետին` իբրեւ Գերմանական հանրապետութեան սեփականութիւնը: 1940-ին Ֆրանսայի նուաճումէն ետք եւս երկրէն խոյս տուող քաղաքացիներուն ունեցուածքը դարձաւ Գերմանական հանրապետութեան սեփականութիւնը: Նոյն օրէնքը ի վերջոյ պարտադրուեցաւ եւրոպական գրաւուած իւրաքանչիւր երկիրէ տեղահանուած հրեաներուն, մինչեւ Աուշվից եւ Արեւելեան Եւրոպայի արգելարան-սպանդանոցները:
Թալանը ընդհանրացած էր նաեւ այն երկիրներուն տարածքին, որոնց բնակիչները իբրեւ մարդ ստորադաս կը նկատուէին նացիներուն կողմէ: Նացիական մտայնութիւնը էապէս գերադաս կը նկատէր գերմանական մշակոյթը եւ կը յայտարարէր, թէ ստորադաս ցեղերը կարողութիւնը չունէին ապահովելու իրենց սեփական մշակոյթին շարունակութիւնը կամ պաշտպանելու այլ մշակոյթներու ժառանգութիւնը: Հետեւաբար հարկ էր երկիր վերադարձնել գերմանական մշակութային իրերը: Նման համոզումներ կը յիշեցնէին Նափոլէոնի ժամանակներու ֆրանսական այն մտայնութիւնը, թէ միայն Ֆրանսա իրաւունք ունէր պաշտպանելու եւրոպական մշակոյթը: Սակայն անշուշտ նացիները աւելի առաջ տարին այս կարգախօսը, անոր տուին ցեղային բնոյթ եւ զայն կիրարկեցին 19-րդ դարու ազգայնական գաղափարաբանութեան ամէնէն ծայրայեղ տարբերակով` ինչ կը վերաբերի իրենց ենթադրեալ ժառանգութեան, քան` դասական աշխարհին:
Գերմանացիք 1939-ի մարտին Չեխիոյ ազատ մնացած տարածքները գրաւելէ ետք սկսան հանրային եւ սեփական հաւաքածոներէ իրեր գրաւել առանց հատուցումի: Անոնք ենթադրաբար գերմանական իրեր առին ոչ միայն Չեխիոյ Ազգային թանգարանէն եւ Փրակայի Չարլզ համալսարանին գրադարանէն, այլ նաեւ Հափսպուրկ, Շվարզենպերկ եւ Լոպքովից ընտանիքներուն պալատներէն:
Այսուհանդերձ Չեխոսլովաքիոյ նկատմամբ Հիթլերի վերաբերումը համեմատաբար աւելի մեղմ էր` բաղդատած լեհերուն վիճակուած ճակատագիրին, որոնց երկիրը գրաւեց ան 1939-ի սեպտեմբերին: Հիթլեր երդում ըրաւ աշխարհէն բնաջնջել լեհական մշակոյթն ու ինքնութիւնը: Գերմանացի նուաճողները մեծ քանակութեամբ մշակութային աւար տարին իրենց երկիրը: Ներխուժումի ճամբուն վրայ քաղաքամերձ շրջաններու բնակարանները թալանուեցան եւ անոնց ազնուական խաւի սեփականատէրերուն բռնի ուժով պարտադրուեցաւ ցոյց տալ թաքուն պահուած գանձեր: 1939-ի դեկտեմբեր 16-ին Գերմանիոյ իշխանութիւնները հրամայեցին Լեհաստանէն գրաւուած եւ Գերմանական հանրապետութեան կցուած տարածքներուն մէջ պարտադիր արձանագրութիւնը 1850-էն առաջ իրագործուած արուեստի եւ մշակութային բոլոր իրերուն, ներառեալ` գոհարեղէն, երաժշտական գործիքներ, մետաղադրամներ, գիրքեր եւ կահոյք: Այս բոլորը գրաւուեցան` տուեալ տարածքներուն մէջ լեհական ինչքերու մեծ մասին կողքին: Հրահանգները խորքին մէջ գերմանացիներուն արտօնութիւն կու տային գողնալու ինչ որ կը ցանկային:
Իրաւական հարցերու նացի մասնագէտ Հանս Ֆրանք իշխեց Լեհաստանի այն տարածքներուն վրայ, որոնք չէին կցուած Գերմանական հանրապետութեան: Ան իր գրասենեակները կը զարդարէր արուեստի գողցուած գործերով եւ իր թալանած աւարը կ՛ուղարկէր Պաւարիոյ իր բնակարանը (երբ ամերիկեան բանակը Պաւարիա մուտք գործեց 1945-ին, անոր բնակարանին մէջ գտաւ Ռամպրանթ մը, Տա Վինչի մը, Քրաքովէն բերուած 14-րդ դարու Աստուածամօր գեղանկար մը, ինչպէս նաեւ` շուրջառներ եւ սկիհներ գողցուած լեհական եկեղեցիներէ): Վէճեր ծագեցան, երբ գերմանական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հերման Կորինկ փորձեց գեղանկարներ առնել իրեն համար, մինչ Հանս Ֆրանք թոյլ չէր տար, որ իր գրասենեակներէն դուրս տարուէին լաւագոյն գործերը: Այսուհանդերձ ասիկա այնքան ալ վատ գաղափար մը չէր, որովհետեւ Ֆրանք չէր գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր ցուցադրէր կամ պահպանէր հին վարպետներու գործերը. առիթով մը նացի արուեստի պատմաբան Քայեթան Մուհլման պախարակած է զայն, երբ տեսած է, թէ Լէոնարտօ տա Վինչիի մէկ գեղանկարը կախած էր ելեկտրական կրակարանի մը վերեւ:
Թալանի եւ սեփականութիւններու իւրացումի այս գործընթացը շատ աւելի լայն տարողութեամբ կրկնուեցաւ, երբ 1941-ի յունիս 22-ին Գերմանիա ներխուժեց Խորհրդային Միութիւն: Գերմանացիներուն գողցած ամէնէն հռչակաւոր իրերուն շարքին էր Սաթի սենեակը, զոր Փրուսիոյ Ֆրիտրիխ Վիլհելմ Ա. թագաւորը նուիրած էր Մեծն Պետրոսի, եւ որ հարստացած էր անոր յաջորդներուն ուղարկած նուէրներով: Խորհրդային իշխանութիւնները պարպած էին սենեակին կահոյքը եւ շարժական բոլոր իրերը, սակայն սաթէ պատերը ձգած էին իրենց տեղը: Այսուհանդերձ գերմանացիք քակած էին Կատարինէ թագուհիին պալատին մէջ գտնուող այս սենեակին պատերը եւ տարած էին Արեւելեան Փրուսիա, ուր ցուցադրած էին: Կ՛ենթադրուի, թէ անոնց մեծ մասը աւերուած է Քոնիսպըրկի ճակատամարտին, Բ. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, իսկ պահուած որեւէ մնացորդ հաւանաբար փոշիացած է: Անշուշտ խորհրդային իշխանութիւնները մշակութային բազմաթիւ գանձեր փոխադրած էին ներխուժող բանակներուն հասողութենէն հեռու: Սեփական հաւաքածոներ գոյութիւն չունէին Խորհրդային Միութեան տարածքին, որովհետեւ համայնավար վարչակարգը գրաւած էր բոլորը, իսկ գերմանացիները բնաւ չյաջողեցան նուաճել Մոսկուան կամ Ս. Փեթերսպուրկը: Այսուհանդերձ թալանելու շատ բան կար: 279 գեղանկարներ տարուեցան Խարքովէն, որ այդ ժամանակներուն Խորհրդային Միութեան երրորդ մեծագոյն քաղաքն էր եւ ամէնէն աւելի բազմաթիւ բնակչութեամբ քաղաքը, զոր գրաւեցին նացիները: Հիթլերի ոստիկանական յատուկ ուժերու ղեկավար Հայնրիխ Հիմլըր իւրացուց բազմաթիւ արուեստի գործեր` զարդարելու համար Վեվելսպուրկի մէջ իր ուժերուն յատուկ գրասենեակները, որոնց կառուցումը կը ծրագրուէր:
ՌՈՒՍ-ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՎԷՃԵՐ
Գերմանացիներուն կողմէ 1938-1945-ի միջեւ ի գործ դրուած թալանի եւ սեփականութիւններու իւրացումի տարողութիւնը աննախընթաց էր: Անոր աւանդը պիտի շարունակուէր նացիներուն պարտութենէն անդին: Համայնավարները, որոնք 1917-էն ետք իրենց գաղափարաբանութեամբ արդարացուցած էին սեփական ինչքերու զանգուածային գրաւումը, ծանօթ էին այս սովորութեան: Նացիներուն կողմէ ի գործ դրուած բռնութիւնները առիթը կամ պատրուակը տուին Կարմիր բանակին` թալանի նմանօրինակ արարքներ (պաշտօնական թէ անձնական) ի գործ դնելու պատերազմին վերջին հանգրուաններուն: Իրենց հապճեպ նահանջին մէջ գերմանացիք ստիպուեցան իրենց ետին ձգել բազմաթիւ հաւաքածոներ, որոնք պահ դրուած էին նկուղներու, հանքերու եւ այլ թաքստոցներու մէջ, ճակատամարտի կրակէն եւ ռմբակոծումներով յարձակումներու սփռած աւերէն հեռու: Արուեստի գործեր վերագտնելու պարտականութեամբ յատուկ ջոկատներ կը շրջէին քաղաքամերձ շրջաններու մէջ` փնտռելով գերմանացիներուն թաքցուցած աւարը: Իսկ ինչ որ կը յաջողէին գտնել անոնք` կը փոխադրէին Մոսկուայի մէջ յատուկ շտեմարան մը: Շուրջ 1.5 միլիոն մշակութային իրեր 1949-էն ետք ի վերջոյ վերադարձուեցան Արեւելեան Գերմանիա, երբ հիմնուեցաւ Գերմանական ժողովրդային հանրապետութիւնը` իբրեւ դաշնակից պետութիւն:
Սակայն բազմաթիւ գործեր նաեւ ցրուեցան: Օրինակ` հիւսիսարեւմտեան Գերմանիոյ Պրիմըն գիւղաւանին քաղաքապետը քաղաքին արուեստի գործերու հաւաքածոն ապահով պահելու նպատակով` զայն ուղարկած էր Պերլինէն ոչ շատ հեռու դղեակ մը, ուր Կարմիր բանակը գտած էր զայն: Ռուս ճարտարապետ Վիքթոր Պալտին, որ զինուորագրուած էր Կարմիր բանակին մէջ եւ հասած էր վայրը` քննելու համար հաւաքածոն, տեսած էր, թէ անոր մաս կազմող թանկարժէք կտորները ցրուած էին քաղաքամերձ շրջաններու մէջ եւ իր կարելին ի գործ դրած էր` վերագտնելու համար զանոնք, առիթով մը նոյնիսկ զոյգ մը մոյկերով փոխանակելով ռուս զինուորի մը իւրացուցած Ալպրեխթ Տիւրըրի մէկ քերծանկարը: Մինչ Պալտին կը պահէր իր գտած հարիւրաւոր գծանկարները, սպասելով իր աւարը Պրիմըն վերադարձնելու առիթի մը, նոյն հաւաքածոյէն գործեր պարբերաբար կը յայտնուէին արուեստի շուկային վրայ: Արուեստի գործերու վաճառական մը 150 մարքի եւ կէս քիլոկրամ սուրճի փոխարէն Պերլինի մէջ 1956-ին կնոջմէ մը առած էր Քրանախի մէկ գեղանկարը:
Ի վերջոյ, երբ Միխայիլ Կորպաչով ստեղծեց աւելի ազատական վարչակարգ մը Ռուսիոյ մէջ, Պալտին յաջողեցաւ աղերսագիր մը ներկայացնել պետութեան, որպէսզի բանակցութիւններու ձեռնարկէ` հաւաքածոն վերադարձնելու համար: Պրիմընի քաղաքային խորհուրդը առաջարկեց վերադարձնել Սաթի սենեակին պատերէն բեկոր մը, զոր գերմանացի զինուոր մը առած էր` սենեակին թանկագին պատերը ծրարելու ժամանակ: Վերադարձուեցան նաեւ բազմաթիւ այլ փոքր իրեր: Սակայն ասիկա բաւարար չէր: Ռուսերը հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ Գերմանիոյ պիտի վերադարձնէին իբրեւ աւար գողցուած արուեստի գործերը, երբ իրենց սեփական մշակութային գանձերէն շատերը անհետացած էին կամ փճացած` նուաճող նացի բանակներուն արարքներուն պատճառով: Իրօք, 1998-ին Ռուսիոյ խորհրդարանը իբրեւ աւար բերուած արուեստի բոլոր գործերը հռչակեց պետական սեփականութիւն, պահանջելով խորհրդարանին կողմէ վաւերացում` զանոնք Գերմանիոյ վերադարձնելու համար: Տարակարծութիւնները կը շարունակուին ռուսական քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Մինչ այդ հաւաքածոյին մեծ մասը կը գտնուի Էրմիթաժի մէջ եւ Պրիմընի պետական թանգարանէն աւար տարուած 1500 իրեր կը մնան կորսուած:
ԴԱՇՆԱԿԻՑ ՈՒԺԵՐՈՒ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ» ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մշակութային բազմաթիւ թանկարժէք իրեր կորսուած են կամ քանդուած` Բ. Աշխարհամարտի վերջին ամիսներուն քաոսին եւ աւերին ընթացքին: Պատերազմին վերջին հանգրուաններուն արեւմտեան դաշնակից ուժերը, մասնաւորաբար` Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արուեստի մասնագէտներու կողմէ զինուորական իշխանութիւններուն վրայ ի գործ դրուած ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, շատ սուր կերպով կը գիտակցէին Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պահպանումին, նոյնիսկ` 1944-ին Տի. Տէյի ցամաքահանումներէն առաջ: Այզընհաուրի բարձրագոյն գրասենեակները հաստատած էին Կոթողներու, գեղեցիկ արուեստներու եւ արխիւներու բաժանմունք մը, որուն պարտականութիւնն էր գտնել եւ պահպանել մշակութային իրեր եւ թոյլ չտալ, որ դաշնակից ուժերու բանակները որեւէ աւար վերցնէին: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ ամէն տեղ սկսան ցանկագրել գողցուած արուեստի գործեր, որպէսզի թոյլ չտային նացիներուն թաքուն պահել իրենց գողցած իրերը եւ շահ ապահովել արուեստի շուկաներու վրայ` պատերազմին յիշողութիւնը խամրելէն ետք: Այս բաժանմունքին ջոկատները կը հետեւէին բանակներուն` դէպի նոր ազատագրուած գիւղաւաններ, կը քննէին դղեակներն ու հանքերը եւ կը մթերէին իրենց յայտնաբերած իրերը` զանոնք իրենց բուն տէրերուն վերադարձնելու համար:
Գերմանիոյ տարածքէն հաւաքուած արուեստի գործերու աւարը մթերուած էր Միւնիխի Կեդրոնական հաւաքավայրին մէջ: Շուտով սկիզբ առաւ գործերը վերադարձնելու արշաւ մը: Փոխադրակառքեր եւ գնացքներ ուղղուեցան Եւրոպայի բոլոր կողմերը, հազարաւոր գեղանկարներ, գծանկարներ, քանդակներ, եկեղեցական սպասներ եւ այլ իրեր վերադարձնելով իրենց երկիրը: Կեդրոնական հաւաքավայրը վերջնականապէս փակուեցաւ 1951-ին, երբ հոն մնացած իրերը յանձնուեցան Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ գործող ընկերութեան մը, որ յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին շուրջ մէկ միլիոն այլ իրեր վերադարձուց իրենց սեփականատէրերուն. 70 առ հարիւրը` Գերմանիայէն դուրս: Մնացեալը` շուրջ 3500 գործեր բաժնուեցան գերմանական թանգարաններուն եւ այլ հաստատութիւններու մէջ, ուրկէ մինչեւ այսօր կարելի է վերատիրանալ անոնց` սեփականութեան համապատասխան վաւերաթուղթեր ներկայացնելով:
Անխուսափելիօրէն բազմաթիւ իրեր կը մնան անյայտ. գէթ 20 հազար իր: Անոնց մեծ մասը փոքր իրեր են, ինչպէս` արծաթեղէն, գոհարեղէն, սպասներ եւ նման բաներ կամ գեղանկարներ եւ գծանկարներ, որոնք կը պատկանին երկրորդական արուեստագէտներու, այնքան անծանօթ, որ չեն արժանացած արուեստի մասնագէտներու ուշադրութեան: Հաւանաբար դիւրին չէր անուանի արուեստագէտներու կողմէ հանրածանօթ գեղանկարներ թաքցնելը: Սակայն անծանօթ արուեստի գործեր պահելը եւ զանոնք յարմար առիթով վաճառելը շատ աւելի դիւրին էր: 1950-ական տարիներուն արուեստի գործերու վաճառականներ այնքան ալ չէին հետաքրքրուեր նման իրերու անցեալով, երբ անոնք կը ներկայացուէին իրենց` աճուրդի դնելու առաջարկով: Անոնց գլխաւոր ճիգը տուեալ գործերուն իրականութիւնը փաստելն էր: Բազմաթիւ արուեստի գործեր շուկայի վրայ կը յայտնուէին անձերու միջոցով, որոնք անոնց տիրացած էին կասկածելի ձեւերով, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, եւ զանոնք կը վաճառէին հաստատութիւններու, որոնք յաճախ զանոնք կը գնէին` առանց գիտնալու աղբիւրը:
ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Բ. Աշխարհամարտէն ետք այսքան մեծ թիւով արուեստի գործերու վերադարձը իրենց սեփականատէրերուն` մեծ տարողութեամբ նուազեցուց վնասուց հատուցումի եւ պահանջներու իրաւական հետապնդումները 1950-ական տարիներուն: Աւելի՛ն. մինչեւ այսօր տակաւին ի զօրու են կորսուած իրերու իրաւական պահանջի սահմանուած ժամկէտեր` եւրոպական երկիրներու տարածքին (Գերմանիոյ մէջ` 30 տարի, Անգլիոյ մէջ` 6 տարի): Եւրոպայի մէջ միայն երկու երկիրներ չունին իրաւական նման օրէնքներ. Լեհաստան` Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին իր հաւաքածոներուն լայն տարողութեամբ կողոպուտին պատճառով եւ Յունաստան` Էլկինի մարմարներուն: Իրականութեան մէջ նախկին սեփականատէրերու համար շատ դժուար էր իրաւական միջոցներու դիմել` 1945-ին տեղի ունեցած պատերազմի մը ընթացքին իրենց կորսնցուցած ինչքերուն վերատիրանալու համար: Հատուցումի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը առաւել կամ նուազ չափով խամրեցաւ` նման խոչընդոտներու պատճառով:
Ապա 1989-1990-ին փուլ եկաւ Պերլինի պատը եւ քայքայուեցաւ համայնավար վարչակարգը: Մինչ 1949-էն սկսեալ համայնավարներու կողմէ իւրացուած բնակարաններու եւ գործառնութիւններու փոխարէն վնասուց հատուցումի իրաւական հետապնդումները սկսան բազմանալ, անդին` ծայր տուին նացի վարչակարգին կողմէ ի գործ դրուած կողոպուտի եւ քանդումի դիմաց հատուցումի պահանջները: Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ որոշ չափով` այլ երկիրներու, Հրէական ողջակիզումին պատմական յիշողութիւնը դարձաւ ազգային մշակոյթի մէկ մասը. յիշատակի թանգարաններ հիմնուեցան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Լրատուամիջոցներու հետաքրքրութիւնը աւելցաւ եւ հասաւ գագաթնակէտի մը` Սթիւըն Սփիլպըրկի «Շինտլըր՛զ լիսթ» ժապաւէնով: 1990-ական տարիներուն վերայայտնուեցան պատերազմի ոճիրներու իրաւական հետապնդումները որոշ երկիրներու մէջ (թէեւ թիւով քիչ եւ ոչ միշտ յաջող): Արեւելեան Եւրոպայի արխիւները բացուեցան` հետաքննութեան համար, առիթ տալով, որ գտնուի հետքը բազմաթիւ կորսուած գործերու:
Այսպէս արուեստի աշխարհը վերագիտակցեցաւ արուեստի կողոպտուած գործերու հարցին, տասնամեակներ շարունակ երկրորդական նկատելէ ետք զայն: 1998-ի դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը հիւրընկալեց Ողջակիզումի ժամանակաշրջանի ունեցուածքի համագումարը, որուն մասնակցեցան 40 պետութիւններ եւ բազմաթիւ ոչ պետական կազմակերպութիւններ: Համագումարը պահանջեց նացիներու կողմէ գրաւուած արուեստի բոլոր գործերուն ցանկագրումը` բարոյական սկզբունքներու համաձայն զանոնք իրենց նախկին տէրերուն վերադարձնելու տեսլականով, նոյնիսկ, երբ անոնք իրաւական որեւէ հիմք չունէին: Համագումարին յաջորդեցին նմանօրինակ համաձայնութիւններ` պատկերասրահներու եւ թանգարաններու տնօրէններու կողմէ: Միջազգային մարմիններ, ինչպէս` Եւրոպական Խորհուրդը վաւերացուցած են համապատասխան բանաձեւեր: Այս մթնոլորտին մէջ մագլցեցաւ արուեստի գողցուած գործերու վերատիրացողներուն թիւը:
Արուեստի գործերու աւարի վերադարձը կ՛ապրէր նպաստաւոր պայմաններ: Կ՛ակնկալուէր, որ թանգարաններ եւ պատկերասրահներ ողողուէին պահանջներով: Սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ: Ուղղութիւնը տկարացած էր: Ապացոյցներ գտնելը դժուար էր, մանաւանդ որովհետեւ յստակ փաստերու վրայ պահանջները արդէն ներկայացուած էին պատերազմէն անմիջապէս ետք: Յաճախ բուն տէրերը մեռած էին, երբեմն` անոնց ժառանգորդները սպաննուած էին նացիներու կողմէ: Թէեւ հաստատութիւններ, թանգարաններ եւ պատկերասրահներ ունէին բաւարար տեղեկութիւն, աղբիւրներ եւ ապացոյցներ` վերատիրանալու համար իրենց կորսնցուցած իրերուն, սակայն նոյնը հազուադէպ էր անհատներու համար: Հետեւաբար 1933-1945-ի միջեւ թանգարաններու եւ այլ հաստատութիւններու մէջ անորոշ անցեալով գործեր հազուադէպօրէն պահանջուած են իբրեւ կորսուած գործեր: Բրիտանիոյ մէջ 2000-ին հաստատուած Գողցուած գործերու խորհրդատու մարմինը այնուհետեւ տարին հազիւ մէկ դիմում ստացած է, թէեւ այս ընթացքը խամրելու նշաններ ցոյց չի տար: Այս իրողութեան դիմաց Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ դժկամութիւն ցուցաբերած են պետական իրաւական հետապնդումներ կատարելու եւ հաստատած են նմանօրինակ մարմիններ:
ՆՈՅՆՔԱՆ ՄՌԱՅԼ, ՈՐՔԱՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ
Ուրեմն ի՞նչ է արուեստի գործերու պահպանումի եւ վերադարձի ապագան: Ինչ կը վերաբերի երկիրներու կողմէ գրաւուած արուեստի գործերու, յայտնապէս բախում մը կայ մշակութային սեփական ժառանգութիւն մը պահպանելու եւ ցուցադրելու կարիքին եւ Մեթրոփոլիթըն կամ Բրիտանական թանգարաններուն նման տիեզերական կառոյցներու մէջ այլ մշակոյթներու մասին տեղեկանալու միջազգային կարիքին միջեւ: Յառաջընթացը կարելի է, երբ կ՛ընդունինք տիեզերական թանգարանի գաղափարը: Սակայն նաեւ պէտք է յարգել բացառութիւնները, երբ իր մը գողցուած է համեմատաբար ոչ հեռու անցեալին, կամ երբ մշակութային եւ պատմական գերակշռող կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն երկրին կամ վայրին, ուրկէ օրինաւոր թէ ապօրինի կերպով դուրս բերուած է:
Անցեալի սխալները սրբագրելու գործընթացին մէջ յայտնապէս կարելի չէ իրականացնել պատշաճ հատուցում` համաշխարհային տարողութեամբ: Հատուցումի գաղափարը խթանող գլխաւոր ճիգերը կեդրոնացած են նացիներու կողմէ ի գործ դրուած ոճիրներուն վրայ, մանաւանդ, որովհետեւ վերապրողներն ու անոնց անմիջական ժառանգորդները տակաւին կենդանի են: Ինչպէս Մայքըլ Մարըս կը գրէ իր մէկ նոր ուսումնասիրութեան մէջ` «Ողջակիզումի հատուցումի պայքարը ծնունդ առաւ մեծապէս արտասովոր պայմաններու մէջ, հետեւաբար հաւանական չէ, որ կրկնուի կամ ազդու դառնայ պատմական սխալներու սրբագրութեան այլ պայքարներու մէջ»:
Թէեւ նացիներու ժամանակաշրջանին գողցուած արուեստի գործերու վերադարձին համար որոշ չափով անկեղծ եւ արդիւնաւէտ ճիգ կը թափուի, սակայն միջազգային համայնքը ձախողած է կանխարգիլել զինուորական նոր գործողութիւններու ժամանակ ի գործ դրուած կողոպուտն ու աւերումը: Թէեւ այժմ գոյութիւն ունի միջազգային օրէնք մը` պատերազմի ժամանակ մշակութային արժէքները պահպանելու առնչութեամբ, սակայն ցարդ կարելի եղած չէ արդիւնաւէտ կերպով պարտադրել զայն: 1990-ական տարիներուն Պալքանեան պատերազմներուն ժամանակ կատարուած միջազգային միջամտութիւնները յայտնապէս դժուար են եւ դանդաղ: Եուկոսլաւիոյ քայքայումին ընթացքին սերպ ուժեր դիտումնաւոր կերպով ռմբակոծեցին Սարայեւոյի հանրային գրադարանը` բնաջնջելու համար Պոսնիոյ մշակութային եւ պատմական յիշողութիւնը, իսկ խրուաթ ուժեր տապալեցին Մոսթարի պատմական եւ խորհրդանշական կամուրջը, ինչպէս նաեւ աւերեցին սերպ ուղղափառ եկեղեցիները` իրենց գրաւած տարածքներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակից ուժերու Իրաք ներխուժումէն ետք ստեղծուած քաոսին մէջ կողոպուտի եւ քանդումի մղումը 21-րդ դարու առաջին տարիներուն ոչ թէ մշակութային ցեղասպանութիւն էր, այլ ի գործ դրուած էր անձնական շահի համար: Ինչպէս լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք գրած է.
«Առաջիններէն էի, որ մուտք գործեցի Պաղտատի հնագիտական կողոպտուած թանգարանը, կոխկռտելով բաբելոնական կաւէ կոտրած իրերու եւ յունական փշրուած արձաններու վրայէն: Տեսայ, թէ ինչպէս հրոյ ճարակ դարձաւ Պաղտատի իսլամական գրադարանը. 14-րդ եւ 15-րդ դարու Քուրաններ այրեցան այնպիսի բոցավառ կրակներու մէջ, որ աչքերս կը ցաւէին, երբ կը դիտէի դժոխային կրակը: Օրեր անցուցած եմ Սամարիոյ մէջ աւարառուներու բացած գետնուղիներուն մէջ, տեսած եմ անոնց փորած հնագիտական հսկայական վայրերը, թանկագին բեկորներու ջարդուած մնացորդները…»:
Ինչպէս Ֆիսք կը բացատրէ` «Պաղտատի թանգարանէն գողցուած 15 հազար իրերէն 4000-ը ի յայտ եկած է 2005-ին. շուրջ հազար իրեր ի յայտ եկած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, 600-ը` Իտալիոյ»: Անոնց մեծ մասը գողցուած է հաւաքածոյ պահողներու ապսպրանքով: Ագահութիւնը համաշխարհայնացած է, կը գրէ Ֆիսք: Կարելի չէ բաղդատութիւններ չկատարել եւ չյիշել 1945-ին Դաշնակից ուժերու կողմէ եւրոպական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ գողցուած իրերը իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու ճիգը: Համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր պետութիւն պարտաւոր է պաշտպանել բոլոր ազգերու մշակոյթը, եւ ոչ միայն` իր սեփականը:
(Յապաւուած)
(Շար. 2 եւ վերջ)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ