«Սփիւռքը Իր Ներուժի Համապատասխան Իր Մասնակցութիւնը Միշտ Բերել Է Հայրենիքի Պաշտպանութեան Ու Զարգացման Գործում» Հարցազրոյց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. նախագահ, նախ շնորհաւորում եմ ձեր վերընտրութիւնը եւ առաջին հարցումս, որ պիտի ուղղէի ձեզի, պիտի ըլլար այն, թէ յառաջիկայ նախագահական հնգամեակի ընթացքին ի՞նչ պիտի ըլլան քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներէն ներս ձեր առաջնահերթութիւնները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ուզում եմ հաստատել, որ բոլոր ծրագիրները, որ մենք իրագործել ենք եւ կամ նախատեսում ենք իրագործել ապագայում, յաջողուել են եւ յաջողուելու են մեր միասնական ուժի շնորհիւ: Մեր պետական քաղաքականութեան ամէնէն կարեւոր եւ առանցքային ուղղութիւններից է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդումը: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ներուժն է, որ մեզ առիթ է ընծայել, որպէսզի մենք կարողանանք ազատագրել մեր հայրենի երկիրը, այդ ներուժն է, որ այսօր մեզ հնարաւորութիւն է տալիս մեր երկիրը շէնացնելու:
Մեր առաջնահերթ խնդիրն է` մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովել: Այսօր մենք ստիպուած ենք մեր տնտեսական զարգացման ծրագիրները իրագործելու պատերազմական իրավիճակում եւ ռազմաճակատային սահմանների մօտ: Այդպէս, մենք մի կողմից կատարում ենք մարտական հերթապահութիւն եւ, միւս կողմից, զբաղւում ենք գիւղատնտեսութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ մենք ստիպուած ենք պատերազմի պատճառով ու ռմբակոծութեան պատճառով աւերուած բնակավայրերը վերակառուցել:
Այսօր ստիպուած ենք, պատերազմի պատճառով տուժած երկրի ենթակառուցուածքները վերականգնելու, այսինքն` ճանապարհները, դպրոցները, բժշկական հաստատութիւնները եւ այլն:
Բարեբախտաբար մեզ յաջողուել է անցնող տարիների ընթացքում հայութեան միասնական ներուժը օգտագործելով` վերոնշեալ դժուարութիւնները յաղթահարել:
Տնտեսական ոլորտում մենք արդէն մշակել ենք մի շարք զարգացման ծրագրեր գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտներում: Երկրի համաչափ զարգացման համար մեր ուշադրութեան կեդրոնում են նաեւ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտները:
Հ.- Վերջին ամիսներուն ազրպէյճանական կողմը շեշտաւորուած ձեւով կը խախտէ հրադադարը եւ միաժամանակ պատերազմը վերսկսելու կոշտ սպառնալիքներ կ՛ուղղէ Արցախի իշխանութիւններուն: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը:
Պ.- Իրողութեան մէջ վերջին տասնամեակում Պաքուն միշտ հանդէս է եկել նման սպառնալիքներով: Նման քաղաքականութիւնը մեր կողմից քննադատւում է: Նախ եւ առաջ նման ռազմատենչ մօտեցում չի ընդունւում այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհի կողմից, որովհետեւ նման յայտարարութիւններ խոչընդոտում են Մինսքի խումբի խաղաղարար ջանքերին ու բանակցութիւնների գործընթացին:
Մենք նախընտրում ենք խաղաղ բանակցութիւնների ճանապարհն ու լեզուն, իսկ Պաքուն, ինչպէս տեսնում էք, նախընտրում է այլ լեզուով խօսել: Բնականաբար, երբ Պաքուն սպառնալիքներին զուգահեռ գնում է ուժի գործածութեան, մեր կարգին, ինքնապաշտպանութեան իրաւունքով, մենք հակադարձում ենք ազրպէյճանական զինուորական յարձակապաշտ գործողութիւններին, որպէսզի ապահովենք մեր երկրի քաղաքացիների անվտանգութիւնը: Մենք հաւատացած ենք նաեւ, որ ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն սպառնում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազգաբնակչութեանը, այլ նման քաղաքականութիւն հաւասարաչափ վտանգ է նաեւ միջազգային հանրութեան եւ տարածաշրջանին:
Հ.- Դիւանագիտական գետնի վրայ վերջին շրջանին սաստկացած են ազրպէյճանական լոպիստական աշխատանքները արտասահմանեան երկիրներու մէջ, մանաւանդ` ամերիկեան ցամաքամասին վրայ: Յատկապէս լուրջ քարոզչութիւն կը տարուի Խոջալուի ծանօթ դէպքերը որպէս հայերու կողմէ գործադրուած ջարդ ներկայացնելու պարագան: Անշուշտ սփիւռքի հայկական լոպիստական կազմակերպութիւնները, յատկապէս` Հայ դատի յանձնախումբը, կը հակադարձեն ազրպէյճանական նման քարոզչութեանց: Ի՞նչ են ձեր սպասումները սփիւռքահայ գաղութներէն այս հարցին առնչութեամբ:
Պ.- Ճիշդ է, վերջին տարիներին շեշտաւորուած ձեւով է ծաւալւում ազրպէյճանական քարոզչութիւնը արտասահմանի մէջ: Այս ծիրէն ներս մենք միշտ զգացել ենք սփիւռքահայութեան նեցուկը:
Սփիւռքահայութիւնը իր դրական ներգործութիւնը ունեցել է քարոզչական եւ լոպիստական մարզին մէջ: Մենք համոզուած ենք, որ սփիւռքը իր ներուժի համապատասխան իր մասնակցութիւնը միշտ բերել է հայրենիքի պաշտպանութեան ու զարգացման գործում:
Հ.- Վերաբնակեցման հարցի գծով, սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ ձեւով կրնայ օգտակար հանդիսանալ Արցախին:
Պ.- Մեր ամէնից կարեւոր առաքելութիւնը այսօր մեր ազատագրուած երկրի շէնացումն է: Վերաբնակեցման գործը եթէ աւելի ծաւալուն քայլերով իրագործենք, արդէն մեծ առաջընթաց կ՛արձանագրենք հայրենակերտման մեր առաքելութեան գծով: Մենք կոչ ենք անում սփիւռքահայութեան, որ գործօն մասնակցութիւն ունենայ վերաբնակեցման եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ հայրենադարձութեան գործում: Մենք նշանակալի նուաճում արձանագրած կը լինենք, երբ մեր նախնիների երկրում վերաբնակեցնենք հայութեան այսօրուան նոր սերունդը: Մենք պէտք է յաւելեալ աշխատանք ծաւալենք այս առնչութեամբ, որպէսզի վերաբնակեցման գործը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ եւ սփիւռքը աւելի լայն մասնակցութիւն ունենայ հայրենադարձութեան գործում:

