Պապաճան. «2013-ը Թուրքիոյ Համար Ճակատագրական Պիտի Ըլլայ»

Ալի Պապաճան

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան յայտնած է, որ 2013-ը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր, սակայն ճակատագրական ժամանակաշրջան պիտի ըլլայ:

«Յառաջիկայ շրջանը` 2013-ը Թուրքիոյ համար ճակատագրական պիտի ըլլայ: Մեր շրջանին մէջ` Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ խնդիրներ կան, Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ կայ, եւ անոնք Թուրքիոյ վրայ պիտի ազդեն», ըսած է ան:

Պապաճան նշած է, որ այս պայմաններուն մէջ շատ կարեւոր է, որ Թուրքիան պահպանէ վերելքն ու տնտեսական աճը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )