Էրտողան. «Թուրքիա Խաղաղութեան Պահպանման Համար Նոյնիսկ Պատերազմի Պատրաստ Է». Իպրահիմիի Եւ Ռուս Ու Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Միջեւ Հանդիպում Տեղի Պիտի Ունենայ Յառաջիկայ Շաբաթ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու 5-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար իր ամբողջ ներուժը զօրաշարժի ենթարկած է, սակայն նաեւ պատրաստ է պատերազմի` իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներով:

Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիա խաղաղութիւն կը նախընտրէ եւ իր կարելին կ՛ընէ խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Սակայն Թուրքիա պատրաստ է այդ խաղաղութիւնը պահպանելու համար ամէն գին վճարելու, ուստի նոյնիսկ պատերազմի պատրաստ է:

«Պատերազմը ամէնէն դիւրին ընտրանքն է, մինչ խաղաղութեան պահպանումը դժուար է: Մենք այս պարագային դժուար ընտրանքը կը նախընտրենք` պատերազմի երթալու փոխարէն խաղաղութիւնը ապահովելու համար: (Մեր հողերուն վրայ) խաղաղ պայմանները պահպանելու համար որեւէ գին պիտի վճարենք եւ մենք արդէն սուղ գին մը վճարած ենք», ընդգծեց Թուրքիոյ վարչապետը:

Էրտողան նաեւ իր երկրին դեսպաններուն կոչ ուղղեց իրենց ծառայած երկիրներուն մէջ ջանք թափելու այդ երկիրներուն ղեկավարներուն 2020-ի ողիմպիականը հիւրընկալելու Թուրքիոյ թեկնածութեան զօրակցութիւնը ապահովելու համար:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Մասուտ Խան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յառաջիկայ շաբաթ ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու կարելիութիւնները:

Ան նշեց, որ « տագնապին լուծման համար Իպրահիմիի ջանքերուն շարունակման զուգահեռ, Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն մօտէն կը հետեւի»:

Խան ըսաւ, որ խորհուրդը կը սպասէ, որ Իպրահիմի այս ամսուան ընթացքին Նիւ Եորք այցելէ եւ իր թափած ջանքերուն ու իր հանդիպումներուն ընթացքին արձանագրուած վերջին զարգացումներուն մասին զեկուցում մը ներկայացնէ:

Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր տրամադրած «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգերը 7 յունուարին ճամբայ պիտի ելլեն, եւ կը նախատեսուի, որ անոնք 22 յունուարին Թուրքիա հասնին:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի 27 զինուորներ թրքական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւով մը հասած են Այնթապ, ուր պիտի մասնակցին Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-էն պահանջած «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման աշխատանքին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակի միացեալ հրամանատարութեան սպայակոյտի պետ Սելիմ Իտրիս հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց Սուրիական ազատ բանակը կը ջանայ քիմիական զէնքեր ձեռք ձգել: «Այդ զէնքերուն օգտագործումը մեր մարտավարութեան մէջ գոյութիւն չունի եւ պիտի չջանանք զանոնք ձեռք ձգել, նոյնիսկ եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի բանակը զանոնք մեզի դէմ օգտագործէ»:

Սուրիական ազատ բանակի միացեալ հրամանատարութեան սպայակոյտի քարտուղար Մոհամետ Ալլուշ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակի` քիմիական զէնքեր ունենալու մասին խօսքերը «անպատասխանատու» են: «Մենք պարզ զէնքերու օգտագործումէն պիտի չշեղինք եւ կրնանք զանոնք օգտագործելով վարչակարգը տապալել», նշեց ան:

Սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Այուպ Ալի Ապտալլա վստահեցուցած է, որ «Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւը տապալած է` շնորհիւ սուրիական բանակի անդամներուն քաջութեան եւ սուրիացի ժողովուրդի միասնականութեան»:

Նշենք, որ սուրիական օդուժին պատկանող օդանաւեր երէկ Աքքարի Ուատի Խալետ եւ Ժապալ Աքրում շրջաններուն վերեւ թռիչքներ կատարեցին:

Share this Article
CATEGORIES