Միքաթիի Բնակարանին Դէմ Նստացոցյը Ջնջուեցաւ
Թալքալախի դէպքին ընթացքին սպաննուած եւ գերեվարուած լիբանանցիներուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն հարազատները, որոնք երէկ կէսօրուան նամազէն ետք բողոքի ցոյց մը պիտի կատարէին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թրիփոլիի բնակարանին դիմաց, երէկ յայտնեցին, որ իրենք իրենց նստացոյցը պիտի կատարեն կիրակի առաւօտեան, Արիտայի սահմանին վրայ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը աշխուժ էր` աւելցնելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցով լիբանանեան պետութիւնը մարդասիրական եւ բարոյական իմաստով շահագրգռուած է:
Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութեան տուած որոշումները պիտի գործադրուին, յատկապէս գաղթականները արձանագրելու աշխատանքին առումով. կառավարութիւնը նաեւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի օժանդակէ գաղթականներուն:

