Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական Համախմբում. Ս. Ծննդեան Համերգ` «Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական համախմբումին (Հայ եութ), ուրբաթ, 4 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս» խորագիրով` կատարողութեամբ Երիտասարդական համախմբումի անդամներուն եւ խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեցին Մարօ Սարգիսեան` հայերէնով, իսկ Ռուբինա Գարամինասեան` արաբերէնով: Անոնք նկատել տուին, որ սոյն համերգը առաջինն է, որ կը մատուցուի համախմբումի անդամներուն կողմէ` աւելցնելով, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ անդամ երիտասարդը իր կեանքը կ՛ապրի աւետարանապարգեւ ճշմարտութեամբ` միատեղելով աստուածապարգեւ զօրութիւնը եւ տաղանդը, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւններն ու վտանգները, իր իսկ ուրախութիւնը գտնելով իր նմանին մէջ եւ իր անուրանալի կնիքը ձգելով ազգակերտման վեհ առաքելութեան մէջ:

Այնուհետեւ, մօտաւորապէս մէկ ժամուան տեւողութեամբ, երգչախումբը իր երիտասարդ խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ մեկնաբանեց Ս. Ծննդեան երգերու եւ շարականներու փունջ մը` արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

Աւարտին, իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ երգը ընդունուած է իբրեւ մարդու զգացումներու եւ ապրումներու արտայայտութիւն, ժողովրդային տրամաբանութեամբ երգը ընդունուած է իբրեւ ուրախ տրամադրութեան արտայայտութիւն:

«Այս համերգը, հոգեւոր` իր բնոյթով, հոգեւոր` իր երաժշտութեամբ, ոչ միայն ուրախացնող է, այլեւ մեր հոգին խաղաղեցնող», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ սոյն համերգին նպատակն է հոգեւոր շարականներու ճամբով մեզ տանիլ Ս. Ծննդեան տօնի իմաստի, խորհուրդի մթնոլորտ: Ան գնահատեց «Հայ եութ»-ի անդամներուն, յատկապէս խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի աշխատանքը, որուն նախանձախնդիր ոգին բոլորը մագնիսացուցած է եւ աշխատանքի եւ մասնակցութեան մղած է:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Հայր մեր»-ով եւ պահպանիչով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )