Նախկին Վարչապետներ Եւ Միքաթի Կը Հանդիպին Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի, Սելիմ Հըսի եւ Օմար Քարամէի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ իրենց միջեւ տարակարծութիւնները սուր են, սակայն հանդիպումը շատ լաւ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած է, որովհետեւ կարեւորագոյնը համայնքին միասնականութիւնն է:
Միքաթի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին տրուած են որոշումներ, որոնք պիտի փոխանցուին հանրապետութեան միւֆթիին:
Իր կարգին, Սինիորա յայտնեց, որ վարչապետարանին մէջ իրենց հանդիպումին նպատակն էր քննարկել Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերը` աւելցնելով, որ իրենք համաձայնութիւն մը գոյացուցած են, եւ այդ համաձայնութիւնը վարչապետ Միքաթի պիտի ներկայացնէ միւֆթի Քապպանիին:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Միքաթի այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի Այշա Պաքքարի բնակարանը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք միւֆթի Քապպանիին ներկայացուցած է իրենց միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ Քապպանի այդ համաձայնութեան ընդառաջելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է:
Միքաթի ընդգծեց, որ նախկին վարչապետներուն եւ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկումները պիտի շարունակէ յանգելու համար վերջնական լուծման: