Լիբանան Արտակարգ Ձիւնամրրիկի Մը Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի

Արտակարգ ձիւնամրրիկ մը կը հարուածէ Լիբանանը, որուն տարբեր շրջանները երէկ ողողուեցան տեղատարափ անձրեւներու ջուրերով, եւ ուր տարբեր պատճառներով մահացան չորս քաղաքայիններ եւ արձանագրուեցան ինքնաշարժի 18 արկածներ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին օդերեւութաբանական գրասենեակը յայտնեց, որ փոթորիկը պիտի տեւէ մինչեւ չորեքշաբթի օր եւ զգուշացուց բոլոր քաղաքացիները, որոնք պիտի ուղղուին լեռնային շրջաններ` հետեւելու քաղաքացիական ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն:

Միւս կողմէ, բազմաթիւ լեռնային շրջաններ արդէն կարելի չէ ուղղուիլ, որովհետեւ անոնց ճամբաները լրիւ փակուած են ձիւնով: Այդ շրջաններուն մաս կը կազմեն Արզը, Պշարրէն, Տուհուր Շուէյրը, Պաաքլինը, Թարշիշ-Զահլէն, Շուֆ-Քըֆրայան, Ույուն Սիմանը, Քֆարզըպիանը եւ Տահր Պայտարը:

Անկախ ճամբաներուն փակումէն, արձանագրուեցան նաեւ հողի սահանքներ` դժուարացնելով քաղաքացիներուն երթեւեկը եւ վնասներ հասցնելով բնակարաններուն, ճամբաներուն եւ ինքնաշարժներուն:

Ալէյի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը զետեղեցին անցարգելներ` օժանդակելու համար քաղաքացիական ապահովութեան:

Լիբանանը հարուածող այս ձիւնամրրիկը արտակարգ է նաեւ այն պատճառով, որ ան միայն նիւթական վնասներ չէ պատճառած, այլ նաեւ մարդկային:

Երկիր մը, որ հաստատ եւ վստահելի ենթակառոյց չունի, իր քաղաքացիներուն կեանքերը կ՛ենթարկէ փորձանքի:

Տեղատարափ անձրեւներուն յառաջացուցած ողողումները պատճառ դարձան, որ վեց ամսուան նորածին մը կորսուի իր մօր գիրկէն:

Համրայի մէջ նշմարուող մուրացիկ մը, որ այդ փողոցին մայթերէն մէկուն վրայ կ՛ապրէր, իր կարգին մահացաւ Պէյրութը հարուածող փուքէն:

Հարաւային արուարձաններուն, յատկապէս Հայ Սըլլոմի շրջանին մէջ հարիւրաւոր բնակարաններ ընկղմեցան ջուրերուն մէջ, իսկ ծովափին մօտ գտնուող բոլոր բնակարանները անմասն չմնացին իրենց բնակարանները հարուածող բարձր ալիքներէն. անոնք իրենց շրջաններուն քաղաքապետութիւններէն օժանդակութիւն խնդրեցին:

Քարանթինայի մայրուղին ողողուեցաւ ջուրով, ինչ որ պատճառ դարձաւ երթեւեկին կասեցումին:

Սայտայի մայրուղին իր կարգին փակուեցաւ, իսկ Սայտայի աղբանոցը մասնակիօրէն փուլ եկաւ:

Նապաթիէի մէջ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը իրենց մակոյկներով փութացին քաղաքացիներուն օժանդակութեան, որպէսզի կարենան զանոնք փրկել անձրեւներուն հեղեղէն:

Կ՛ակնկալուի, որ այսօր եւ վաղը ծովուն մակերեսէն 600-300 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ եւ փակէ նաեւ տարբեր շրջաններուն ճամբաները:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ, եթէ անմիջական աշխատանքներ չունին:

Կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ յայտարարեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր վարժարանները փակ պիտի մնան այսօր` երեքշաբթի, 8 եւ վաղը` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, մինչեւ Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին աւարտը:

Նշենք, որ այս որոշումը համալսարաններուն չի վերաբերիր:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց մանկամսուրներուն իրենց դռները փակ պահելու:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ նախարարութիւնը իր կարելին ըրած է երկիրը պաշտպանելու համար ձիւնամրրիկէն. ան աւելցուց, որ Լիբանանի կարողութիւններուն համաձայն, շատ լաւ էր արձանագրուած փրկարար աշխատանքը:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօք Լիբանան պատրա՞ստ է դիմագրաւելու ծովաշարժ մը, Արիտի պատասխանեց. «Անկեղծօրէն` ո՛չ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )