ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` 6 ՄԱՅԻՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ Ի՜ՆՉ ՀԵԳՆԱՆՔ…

Ըստ երեւոյթին, կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներ, երբ պատմական ճշմարտութիւններն անգամ ենթակայ են դարձդարձիկ ընկալումներու եւ գործնապաշտ նկատառումներու:

Նման տարօրինակ պատկերի մը դիպուկ արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ այն մօտեցումը, որ առկայ է մեր շրջապատին մէջ, ուր անցեալի դառն իրադարձութիւններ, բարբարոսային իրենց ահաւորութեամբ իսկ կը ներկայացուին սոսկ պատահարներու տարողութեամբ:

Պարզենք:

Երբ երկու ժողովուրդներու հասարակաց անցեալի թշնամին` այս պարագային զազիր թուրքը, կը ներկայացուի իբրեւ բարեգութ եւ կարեկցանքով լիառատ բարեմասնութեան տէր, հակառակ անոր ցուցաբերած աշխարհաքաղաքական բացայայտ եւ պատեհապաշտ վարքագիծին: Միւս կողմէ փորձ կը կատարուի մոռացութեան չմատնել ազգանուէր կեցուածքն ու հաւատամքը մտաւորական ընտրանիի մը, որ կախաղաններուն վրայէն իսկ դահիճին երեսին կը գոռար հայրենասիրութեան անկորնչելի արժէքն ու յաղթանակի զգացողութիւնը:

Ճիշդ է, որ անցեալի դէպքերն ու իրադարձութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան ժողովուրդի մը յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման, բարօր ու անվտանգ կեանքի մը ձեւաւորման, այդուհանդերձ, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, ազգերու եւ հայրենիքներու ապահով ու անարգել գոյատեւումը բացառապէս կախեալ է տուեալ ժողովուրդի մը քաղաքական հասունութենէն, ազգային ըմբռնումներուն կառչածութենէն, մանաւանդ անցեալի խոր իմացութեան, ինքնաճանաչողական մակարդակէն եւ հայրենասիրական զգացողութեան վառ դրսեւորումներէն:

Արդ, Լիբանանի պատմութեան ամէնէն դժխեմ ժամանակները կ՛առնչուին օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան, երբ սովի, հալածանքի թէ սպանդներու ընդմէջէն թրքութիւնը կ՛ապրէր իր մոլուցքին ամէնէն խենեշ աստիճանաւորումը:

Եւ հոս է, որ ընդգծելի կը մնայ այն հասկացողութիւնը, որ կը վերաբերի մեզի` լիբանանահայութեան, որուն կատարած աշխատանքները` Հայ դատի թէ առհասարակ անոր ծանօթացման տեսակէտէ, տարուէ տարի կը դրուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:

Թող արտասովոր չթուի այս մատնանշումը` ի տես լիբանանցի հասարակութեան ճնշիչ տոկոսին կեցուածքներուն, որոնց ընդմէջէն օրն ի բուն աշխատանք կը տարուի թուրքին դիմագիծը ներկայացնելու իբրեւ նոր ժամանակներու փրկարար օսմանցին: Կայ մէկ տարբերութիւն, որ այսօր թրքական քաղաքականութիւնը կը յատկանշուի արաբական դատին եւ այսպէս ասած իսլամութեան ջատագովանքով:

Միւս կողմէ, բարեբախտաբար, գոյութիւն ունին, կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն յատկապէս լիբանանցի մտածողներ թէ արուեստագէտներ, որոնք ամէն քայլափոխի եւ քաջաբար կը յայտնեն իրենց կեցուածքներն ու դատողութիւնները` Թուրքիոյ անցեալի թէ ներկայի ստապատիր քաղաքական կեցուածքներուն նկատմամբ:

Իրօք, ճակատագիրի դառնութեամբ մը, այսօր լիբանանահայութիւնը կոչուած է նաեւ պաշտպանը հանդիսանալու արաբ ժողովուրդին դատին, հաւաքական յիշողութեան պահպանումին եւ թրքասիրութեան նորովի արտայայտութիւններու դատապարտումին:

Ա՛լ ինչ խօսք, ազգային արժանապատուութեան տակաւ զիջումին եւ վերացումին, նաեւ` թուրք հաճոյակատար եւ ջլատիչ մշակոյթի քաջալերանքին եւ պատուաստումին մասին:

Այս առումով, լիբանանահայութիւնը պարտաւոր է քայլ մը անդին անցնելու, իր քաղաքական կեանքին տալու է արժանահաւատ կեցուածքի մը արտայայտութիւնը, պարզապէս յեղաշրջելու առկայ եւ վաղեմի ժամանակներէն ի գործ դրուած աշխատանքային դրոյթները, աւելի համարձակ եւ ուժական ներկայութեամբ փաստարկելու թրքական թափանցումներու հեռակայ անդրադարձն ու հետեւանքային տարողութիւնը:

Այլ ասաց, քաղաքացիական իրաւունքի թէ ինքնութեան ամբողջ տեսադաշտին վրայ խարսխուած, համակարգուած գործունէութիւններու փայլքը պէտք է տեսանելի ըլլայ գալիքի հաշուոյն, աշխատանքային տարբեր բնագաւառներու օգտագործումով:

Մեզի` լիբանանահայութեան համար, այլեւս ինքնագոհութեան արտայայտութիւնները պատուհասներ են, որովհետեւ թշնամիին կողմէ ձեռնարկուած քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ռազմական գործարքներ կը միտին թաքուն նպատակներու իրագործման` յանուն նոր օսմանականութեան ծաղկումին:

Յայտնապէս, ռազմավարական տեսակէտէ իր որոշակի եւ նպատակաուղղուած աշխատանքի մը դրսեւորումը պիտի հանդիսանայ, այս պարագային ամբողջ լիբանանահայութեան նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ ծնունդ առած ուսումնասիրական կեդրոն մը, որուն անմիջական գործադաշտը պիտի ընդգրկէ արաբական աշխարհի մէջ աւելի ներգործօն, գիտական, ուսումնասիրութեամբ թէ արհեստավարժութեամբ յատկանշուող գործունէութեան ծաւալումը:

Փաստօրէն, տարուէ տարի ականատես ենք թուրքին սրընթաց եւ աշխուժ ներկայութեան, ժողովրդային տարբեր խաւերու մօտ անոր բարերար դիմագիծի վերայայտնումով:

Աւելի վտանգաւորը քաղաքական բեմին վրայ թէ լրատուական դաշտին օգտագործումով, այսօր, թրքամէտ անհատներու եւ խմբաւորումներու փաղանգն է, որ իր գոյութիւնը ամրակայելու ճիգին զուգընթաց` միջոցներու մէջ խտրութիւն չի դներ:

Կարիք կա՞յ վերյիշեցնելու, թէ համահայկական եւ միասնական ոգիի լաւագոյն օրինակը պիտի հանդիսանայ ուսումնասիրական գրասենեակի մը ծնունդը, ուր արհեստավարժ եւ գիտական մօտեցումով ծաւալած աշխատանքով Հայ դատի գործունէութեան ծիրը յաւելեալ ընդարձակուած պիտի ըլլայ: Նման կառոյցի մը գոյութիւնը ոչ մէկ արգելք պիտի ըլլայ Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքին, որովհետեւ անոր բեմահարթակն ու բնագաւառը թրքական թափանցումներուն դէմ կանգնելու գործառոյթն է:

Արդեօք ժամանակէ մը ի վեր զգալի չէ՞ տեղական լրատուական դաշտին ու պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ յայտագիրներուն, նաեւ մտաւորականներու կեցուածքներու նուազումը` հանդէպ Ցեղասպանութեան օրակարգի բարձրաձայնումին:

Հասած է պահը երեւոյթները դիտելու առանց յաւակնութիւններու եւ մեծխօսիկ կարգախօսներու, այլ ըլլալով սթափ եւ որդեգրելով ներգործօն վարքագիծ:

Ապրիլ 24-եան ոգեկոչումները, երբեմն կատարուած քայլարշաւները այլեւս ձեւով մը դարձած են ինքնանպատակ, որովհետեւ կարելի չէ նորահաս սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւն եւ արթնամտութիւն ջամբել: Ուժական պայքարին մէջ ազգովին ըլլալու ենք աւելի տիրական, ազդու եւ վճռորոշ, արդարեւ, առկայ խորթութիւններու եւ նորովի թրքասիրութեան դիմաց կը բացակայի համընդհանուր հայեացքներու բոցկլտումը:

Եթէ երբեք հայութիւնը պիտի կարենայ դիմակայել նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներն ու խոչընդոտները, ապա ազգը իր պետական մտածողութեամբ եւ կառոյցով պարտաւոր է կասեցնել հնաբոյր մօտեցումներու շարունակ թաւալումը, նետուիլ քաղաքակրթական եւ արհեստագիտական ոլորտներու դաշտ եւ հայկական ներուժի իսկական օգտագործումով լծուիլ նոր հարիւրամեակի գոյառումին:

Ոչ մէկ նպատակ եւ ազդուութիւն պիտի ունենան այն բոլոր աշխատանքներն ու մտածումները, որոնց մէջ առկայծող չեն հաստատութենական եւ արհեստավարժ մտածողութեան փայլքերը:

Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, խրոխտ եւ արժանավայել կեցուածքի մը արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ նման մտքերու եւ առաջարկներու կենդանութիւն ջամբել ու սատար հանդիսանալ նորահաս սերունդին մօտ ինքնութեան պահպանումին եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեւաւորումին:

Կամքի եւ հաւատամքի մէջ պէտք է տեսնել հետագայի ամէն յաջողութիւն:

Մինչ այդ, լիբանանցի մեր եղբայրներու պիտի շարունակենք յուշել մայիս 6-ի բովանդակած քաղաքական իմաստն ու պատմագրական արժէքը:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES