Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղոց 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Անուար Ժըտէյտէի դէմ:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 123-51 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով իրենց մրցակիցը:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 31-10, 34-12, 31-14 եւ 27-15:

Share this Article
CATEGORIES