ԳՈՀԱՐ-ի Ամանորեայ Նուէրները

Հարաւային–Ամերիկահայութեան՝ Ամն Տոլար 150,000
Սուրիահայութեան՝
Ամն Տոլար 50,000

ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք Նուագախումբի եւ Երգչախումբի հարաւ-ամերիկեան համերգներէն գոյացած հասոյթէն մօտաւորապէս 150,000 ԱՄՆ տոլար կը յատկացնէ տեղւոյն մէջ գործող հայկական զանազան վարժարաններու, մշակութային և հասարակական ծրագիրներու, ուսուցիչներու և անհատներու, որոնք ԱԲԳ, մշակոյթ եւ երգ-երաժշտութիւն ջամբած են տարիներ շարունակ:

ԳՈՀԱՐ, անսալով իր տարիներու սկզբունքին եւ հաւատալով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել իր մշակոյթով, անգամ մը եւս իր համերգներէն գոյացած ընդհանուր գումարը նուիրեց Հայ ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման ճիգերուն:

ԳՈՀԱՐ, անդրադառնալով նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին, այս տօնական օրերուն, հարաւ-ամերիկեան համերգային շրջագայութենէն զգալի գումար մը՝ 50,000 ԱՄՆ տոլար կը նուիրէ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու, որպէսզի շարունակեն իրենց տարիներու հայապահպանման երթը այս տագնապալի օրերուն:

ԳՈՀԱՐ կը շարունակէ իր նուիրաբերումը Հայ ազգային արժէքներու պահպանումին:

 

`

Share this Article
CATEGORIES