Կուարտիոլա Յառաջիկայ Տարեշրջանին Պիտի Վերադառնայ

Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա նախանցեալ օր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի վերադառնայ եւ վերստանձնէ ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը` տարուան մը դադար-հանգիստէ ետք:

Սպանացին, որ այժմ 42 տարեկան է, ըսաւ. «Պիտի վերադառնամ, որովհետեւ տակաւին փոքր եմ: Տարուան մը դադար առի, որովհետեւ հանգիստի եւ ընտանիքիս հետ որոշ ժամանակ մը անցընելու կարիք ունէի: Այս գծով որոշումս տուի: Թէ ի՛նչ են պատճառները տուած այս որոշումիս, անոր մասին չեմ ուզեր խօսիլ, որովհետեւ ապագային գծով կը մնամ լաւատես»:

Ան որեւէ ակումբի մասին չարտայայտուեցաւ, սակայն ըստ մամուլին, ան կրնայ առաջարկներ ստանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, Մանչեսթըր Սիթիէն եւ Չելսիէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )